ԵՏՄ-ԷՆ ԴԷՊԻ ՈՎԿԻԱՆՈՍ
Ռուսաստանի Ուֆա քաղաքին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵՏՄ), ՊՐԻՔՍ-ի եւ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներուն համատեղ նիստը։ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւս մասնակցեցաւ այս գագաթաժողովին, որ կազմակերպուեցաւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի տանտիրութեամբ։ Հիւրընկալ երկրի ղեկավարի կարգավիճակով Փութին ողջունեց հանդիպման բոլոր մասնակիցները, որոնք գագաթաժողովի սկիզբէն առաջ նկարահանուեցան միասնաբար։
ՊՐԻՔՍ-ի կազմին մէջ ընդգրկուած են Ռուսաստան, Հնդկաստան, Չինաստան եւ Պրազիլիա։ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ կը գտնուին Ռուսաստան, Չինաստան, Ղազախիստան, Խրղըզիստան, Տաճիկիստան եւ Էօզպեքիստան։ Դիտորդի կարգավիճակ ունին Աֆղանիստան, Հնդկաստան, Իրան, Մոնղոլիա եւ Փաքիստան։ Գործընկեր երկիրներ կը համար-ւին նաեւ Սպիտակ Ռուսիա, Թուրքիա եւ Սրի Լանքա։ ԵՏՄ-ին կ՚անդամակցին՝ Հայաստան, Ռուսաստան, Ղազախիստան, Սպիտակ Ռուսիա եւ Խրղըզիստան։
Երէկ ունեցած ելոյթին ժամանակ Սերժ Սարգսեան նշեց, թէ ժողովի ընթացքին ներկայացուած երկիրներու տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային բազմազանութիւնը, հնարաւորութիւններն ու ներուժը հզօր նախադրեալներ կը ստեղծեն միջազգային եւ տարածքաշրջանային անվտանգութեան առաւել արդիական խնդիրներուն լուծումներ որոնելու համար։ Սարգսեան կանգ առաւ Եւրոասիոյ համարկման եւ «Մետաքսի ճանապարհի տնտեսական գօտի» նախաձեռնութեան զուգակցման վրայ։ Անոնք ներդաշնակօրէն գործակցելով՝ հեռանկարին կրնան ապահովել խոշոր ենթակառուցուածքային եւ փոխադրութեան ծրագրերու իրականացումը նոր մակարդակի մը բարձրացնելու գործը։
«Հայաստանի պարագային այդպիսի ծրագիր մը կրնայ դառնալ Հայաստան-Իրան երկաթուղիի կառուցումը, որ Պարսից ծոցի միջոցաւ պիտի ապահովէ ԵՏՄ-ի երկիրներու ելքը դէպի Հնդկական ովկիանոս։ Արդէն պատրաստ է թեքնիկատնտեսական հիմնաւորումը ու ծրագիրը բաց է՝ պետական-մասնաւոր գործընկերութեան համար», ըսաւ Սերժ Սարգսեան եւ յոյս յայտնեց, թէ ներկայ երկիրներէն ընկերութիւններ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն այս ծրագրին նկատմամբ։
Օգտուելով առիթէն, Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնեց, թէ Իրանի միջուկային ծրագրին վերաբերեալ բանակցութիւնները կը պսակուին յաջողութեամբ, ինչ որ պիտի նպաստէ թէ՛ միջազգային եւ թէ տարածքաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան ամրապնդման, նոր հնարաւորութիւններ պիտի բանայ տնտեսական համագործակցութեան համար։ Որպէս բարեկամ Իրանի հարեւան երկիր՝ Հայաստան անկեղծօրէն կը փափաքի այս բանը։ Սերժ Սարգսեան շարունակեց.
«Այստեղ ներկայացուած կառոյցներու հետաքրքրութիւններու շրջանակը կը ներառնէ նաեւ կլոպալ եւ տարածքաշրջանային անվտանգութեան հարցեր՝ ահաբեկչութեան, թմրանիւթերու սպառնալիքի, կազմակերպուած յանցագործութեան դէմ պայքարի, հակամարտութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ։ Մեր մեկնակէտն է ջանքերու համախմբման անհրաժեշտութիւնը՝ ի շահ հակամարտութիւններու կանխարգիլման, համաձայնեցուած ձեւաչափերու շրջանակներէն ներս բացառապէս խաղաղ միջոցներով անոնց կարգաւորման եւ հակամարտ բոլոր կողմերու շահերը հաշուի առնելով, ինչպէս նաեւ հանդէս կու գանք վերը նշուած մարտահրաւէրներու դէմ պայքարի հաւաքական արդիւնաւէտ դրութիւններու մշակման օգտին։ Մենք համոզուած ենք, որ անվտանգութեան անբաժանելիութեան հիման վրայ զանազան համարկման միաւորումներու մէջ երկխօսութիւնն ու համագործակցութիւնը կրնան կարեւոր ներդրում ունենալ առանց բաժանարար գիծերու ընդհանուր տարածութեան ձեւաւորման գործին մէջ՝ ի նպաստ բոլոր պետութիւններուն։ Այսպիսի ծաւալուն խնդրի իրագործումը, բնականաբար, հնարաւոր է միայն միջազգային իրաւունքի գերակայութեան, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան նպատակներու եւ սկզբունքներու նկատմամբ յարգանքի, խաղի ընդհանուր համաձայնեցուած կանոններու պահպանման, այդ կանոններու ուղղակի կամ անուղղակի խախտումներու, ընտրողական մօտեցման, միակողմանի պատժամիջոցներու, ներառեալ՝ շրջափակման ու այլ սահմանափակող միջոցներու գործադրութեան անթոյլատրելիութեան հիման վրայ։ Հայաստան կը հաստատէ զանազան ձեւաչափերու մէջ նման երկխօսութեան պատրաստակամութիւնը՝ փորձի փոխանակման եւ համարկման գործընթացներու ներդաշնակ, զիրար լրացնող ու փոխշահաւէտ զարգացման ապահովման ուղիներ գտնելու քննարկման նպատակով, ինչպէս նաեւ համագործակցութիւնը՝ իրարու շահերը յարգելով»։
Ուֆայի շփումներուն ընթացքին Սերժ Սարգսեանի հետ էր նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան։
ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Միւս կողմէ, Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանն ալ երէկ Մոսկուա կատարած աշխատանքային այցելութեան շրջագծով հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ։ Ռուսաստանի կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ տեղի ունեցած տեսակցութեան ընթացքին վարչապետները բարձր գնահատեցին երկկողմանի ռազմավարական յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակը։ Անոնք քննարկեցին երկու դաշնակից երկիրներու համագործակցութեան խորացման եւ ընդլայնման ուղղեալ հարցերու լայն շրջանակ մը։ Վարչապետները կարեւորեցին տնտեսութեան տարբեր բնագաւառներուն մէջ համատեղ ծրագրերու շարունակականութիւնը եւ նոր նախագծերու իրականացումը։ Կողմերը անհրաժեշտ համարեցին ապրանքաշրջանառութեան ծաւալներու բարձրացումը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի ներքին քաղաքական վերջին զարգացումներուն։
Յովիկ Աբրահամեան եւ Տիմիթրի Մետվետեւ կարեւորութեամբ կանգ առին ուժանիւթի բնագաւառէն ներս համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերուն վրայ։ Անոնք նոյնպէս կարեւորեցին ԵՏՄ-ի շրջանակներէն ներս համագործակցութեան զարգացումը։ Վարչապետները քննարկեցին ցարդ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքը։ Անոնք համաձայնեցան շարունակել երկկողմանի հանդիպումները՝ քննարկելու համար հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն եւ ԵՏՄ-ի շրջանակներէն ներս համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերն ու ծրագրերը։
Վարչապետներու առանձնազրոյցէն վերջ հանդիպումը շարունակուեցաւ ընդլայնուած կազմով։ Քննարկուեցան երկկողմանի առեւտրատնտեսական կապերու հետագայ ամրապնդման ու զարգացման հնարաւորութիւններուն վերաբերեալ բազմաթիւ հարցեր։