ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՏՔԹ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՕՅՈՒՆՃԵԱՆԸ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց ամերիկահայ բարերար Տքթ. Յովհաննէս Օյունճեանը, որու կողմէ հովանաւորուած համանուն բարեգործական հիմնադրամը կարեւոր ծրագրեր կեանքի կը կոչէ Հայաստանի մէջ։ Զրոյցի ընթացքին Հրանոյշ Յակոբեան բարձր գնահատեց մասնաւորապէս Տքթ. Օյունճեանի Հայաստանի կրթական համակարգին բերած նպաստը։ «Կրթութիւնն է մեր ազգին գլխաւոր զէնքը, մենք գիտելիքով պէտք է ներկայանանք աշխարհին։ Մեր նախարարութիւնը ձեզի կը բերէ իր խոնարհումը», ըսաւ Հրանոյշ Յակոբեան եւ Յովհաննէս Օյունճեանը պարգեւատրեց «Պօղոս Նուպար» մետայլով։ Այս պարգեւը Յովհաննէս Օյունճեանին յանձնուեցաւ՝ գնահատելով իր աւանդը Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ բարեգործական եւ հասարակական գործունէութիւն ծաւալելու, Հայաստան-Սփիւռք կապերը ամրապնդելու եւ համագործակցութիւնը զարգացնելու ուղղութեամբ։
Իր սրտի խօսքին մէջ Օյունճեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս բարձր պարգեւին համար ու շեշտեց, թէ իր փափաքն է Հայաստանը տեսնել աւելի հզօր։ «Մարդիկ աշխատանք ունենան ու մնան այստեղ», ըսաւ Օյունճեան եւ աւելցուց, թէ բժշկութեան մէջ ամբողջ շահածը ինք տարած է Հայաստան։
Յովհաննէս Օյունճեան 1922 թուականին ծնած է Իսթանպուլի մէջ եւ աւելի վերջ հաստատուած՝ Միացեալ Նահանգներ։ Իր նուիրատուութիւններով կարեւոր ծրագրեր կեանքի կոչուած են մասնաւորապէս Կիւմրիի մէջ։ Ընդհանուր առմամբ ան շուրջ 6 միլիոն ամերիկեան տոլար ներդրում մը կատարած է Հայաստանի մէջ։ Օյունճեան կը հանդիսանայ Կիւմրիի պատուաւոր քաղաքացի եւ ցարդ բարձր գնահատուած է Հայաստանի պետական աւագանիին կողմէ։