«ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ» ՓԱՌԱՏՕՆԸ ԱՐԴԷՆ 20-ՐԴ ԱՆԳԱՄ

Երեւանի մէջ երէկ սկսաւ «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային փառատօնը, որ այս տարի 20-րդ անգամ կը կազմակերպուի։ Մինչեւ շաբաթավերջ պիտի շարունակուի փառատօնը, որու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ Երեւանի «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ։ «Ոսկէ ծիրան»ը այս տարի եւս կը համախմբէ շարժանկարի աշխարհէն անուանի հիւրեր եւ հարթակ կը դառնայ՝ հեղինակաւոր այլ միջազգային փառատօներու մէջ յաղթած գործերու ներկայացման համար։

Բացման արարողութեան ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ փառատօնի տնօրէն ու գեղարուեստական ղեկավար Կարէն Աւետիսեան, որ Փարաճանովի անունով հաստատուած պատուոյ մրցանակը յանձնեց շարժանկարի աշխարհի մեծանուն վարպետներէն Ժան-Փիէռ եւ Լիւք Տարտեն (Ֆրանսա) եղբայրներուն։ Փառատօնի հիմնադիր-նախագահ Յարութիւն Խաչատրեանն ալ պատուոյ մրցանակ յանձնեց յայտնի բեմադրիչ ու դերասան, բեմագիր ու բանաստեղծ Թաքեշի Քիթանոյին (Ճաբոն)։

Փառատօնի բացման ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան։ Ան յիշեցուց, որ այս տարուան «Ոսկէ ծիրան»ը յոբելենական է՝ քանի 20-րդ անգամ կը կազմակերպուի։ Յամենայնդէպս, նախարարը դիտել տուաւ, որ սա հայկական շարժանկարի վերաբերեալ յոբելեաններու ընդհանուր ծիրի մը մէջ կը մեկնաբանուի։ Արդարեւ, այս տարին կը զուգադիպի նաեւ հայկական շարժանկարի հիմնադրութեան 100-ամեակին եւ հայկական անիմասիոնի 85-ամեակին։

Նախարարը շեշտեց, որ շարժանկարը կը յաղթահարէ քաղաքական, ցեղային, ազգային, կրօնական եւ այլ սահմանները։ Ան համոզուած է, թէ «Ոսկէ ծիրան»ը նաեւ ապագայ ծրագրերը քննարկելու համար հարթակ մըն է։

Երկուշաբթի, Յուլիս 10, 2023