ԱՐՑԱԽԸ ԱՌԱՆՑ ԿԱԶԻ

Արցախի պաշարման ծանր դրսեւորումները հետզհետէ կը սաստկանան։ Շաբաթավերջին դարձեալ մտահոգիչ լուրեր հասան Ստեփանակերտէն։ Այսպէս, Ատրպէյճան խափանած է դէպի Լեռնային Ղարաբաղ բնական կազի հոսքը։ Արցախի տեղեկատուական շտապը հաղորդեց, որ կուտակուած կազը գրեթէ սպառած է եւ լցակայանները կը դադրին գործելէ։ Առկայ ողբերգական իրավիճակին մէջ հայկական իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները կը շեշտեն, որ Պաքուի իշխանութիւնը մտադրուած ձեւով ահաբեկչութեան կ՚ենթարկէ Արցախի բնակչութիւնը։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ շաբաթավերջին յայտարարեց, որ աւելի շատ միջազգային ջանքեր պէտք է գործադրուին՝ էթնիք զտումները կանխելու համար։ Իր խօսքով՝ Արցախի պարագային նոյնիսկ շրջափակում չկայ, սա պաշարում է։ Նախարարը համոզուած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան անվտանգութեան եւ իրաւունքներու առկայ խնդիրը կը վերաբերի բոլորին։

Արարատ Միրզոյեան շաբաթավերջին Խրուաթիոյ մէջ մասնակցեցաւ Տուպրովնիքի համաժողովին, որու ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ՝ «Համաշխարհային կարգը խախտուած. ինչպէ՞ս կայունացնել համաշխարհային քաղաքականութիւնը» խորագրեալ քննարկման ժամանակ։ Բաց աստի, Միրզոյեան ունեցաւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Տուպրովնիքի մէջ իր երկկողմանի տեսակցութիւններու շարքին կարեւորագոյնները տեղի ունեցան՝ Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Հիւսիսային Մակեդոնիայի արտաքին գործոց նախարար Պույար Օսմանիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արարատ Միրզոյեան այս շփումներուն ընթացքին շօշափեց Հարաւային Կովկասի անվտանգութեան իրադարձութիւնները, Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման օրակարգի առանցքային խնդիրները։ Ներկայացնելով հայկական կողմին մօտեցումները՝ Միրզոյեան ընդգծեց, որ երկարատեւ խաղաղութեան հասնելու համատեսքին մէջ անհրաժեշտ է Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցերու հասցէագրումը։ Նոյն ամբողջին մէջ ան մասնաւոր ուշադրութիւն հրաւիրեց Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման վրայ։

Իր կարգին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովն ալ շաբաթավերջին յայտարարեց, որ վերջին ամիսներուն խտացեալ աշխատանք տարուած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ։ Իր խօսքով՝ Արցախի Բ. պատերազմէն վերջ Պաքուի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնը դարձած է յաղթանակը իրաւական ու դիւանագիտական մակարդակով ամրագրելը։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովայի կողմէ հնչեցուած վերջին կոչին՝ Լաչինի միջանցքի բացման համար։ «Մենք մեր քաղաքականութիւնը կը վարենք ո՛չ թէ ինչ-որ մէկի կոչերով, այլ մեր ազգային շահերէն ելնելով», ըսաւ Պայրամով։

ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Միւս կողմէ, շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահէ Գէորգեանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզինի միջեւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, բարձրաստիճան դիւանագէտները շօշափեցին Լաչինի միջանցքի եւ Արցախի պարագային ստեղծուած իրավիճակը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 10, 2023