ԵԸԼՄԱԶ ԵՒ ՇԻՄՇԷՔ ՏՈՀԱ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ
Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ճեւտէթ Եըլմազ եւ պետական գանձի ու ելմտական նախարար Մեհմէտ Շիմշէք դէպի Տոհա աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս հանդիպում մը ունեցան Քաթարի էմիր Շէյխ Թամիմ պին Համատ էլ Սանիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, թէ՛ երկկողմանի հանդիպումներուն եւ թէ պատուիրակութիւններու բանակցութիւններուն ժամանակ քննարկուեցան Թուրքիա-Քաթար յարաբերութիւններուն ու մանաւանդ տնտեսական համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Ներկայիս երկու երկիրները թեւակոխած են՝ իրենց միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 50-ամեակի յոբելենական շրջանը։ Ուստի, անոնք այս նոյն ժամանակաշրջանին կը ծրագրեն իրականացնել Բարձր մակարդակի ռազմավարական կոմիտէի ժողովը, որ 9-րդը պիտի ըլլայ իր նմաններու շարքին։
Ճեւտէթ Եըլմազ տեղեկացուց, որ Տոհայի շփումներուն ժամանակ արծարծուած են նոր ծրագրեր։ Ներկայիս երկու երկիրները կը հետապնդեն պաշտպանական արդիւնաբերութեան եւ ուժանիւթի ոլորտներէն ներս համագործակցութիւնը խորացնելու նպատակը։ Ան համոզուած է, թէ Թուրքիա-Քաթար ռազմավարական համագործակցութիւնը պիտի շարունակէ նպաստել տարածաշրջանային կայունութեան եւ տնտեսական զարգացման։
Իր կարգին, Մեհմէտ Շիմշէքն ալ շաբաթավերջին ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուց, որ պիւտճէի բացը վերահսկողութեան տակ առնելով կը ջանան վերահաստատել ելմտական կարգապահութիւնը ու պիտի չթոյլատրեն հանրային ելմտական ոլորտէ ներս ցուցանիշներու մշտական խանգարումը։ «Դրամական քաղաքականութեան եւ ելմտական քաղաքականութեան ներդաշնակութիւնը ամրապնդելով պիտի ջանանք զօրակցիլ Կեդրոնական դրամատան՝ գնաճի դէմ ձեռնարկած պայքարին», նշեց նախարարը։