ԶԵԼԵՆՍՔԻԻ ՖԷՆԷՐ ԱՅՑԸ
Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը շաբաթավերջին հիւրընկալեց Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին, որ այցելութիւն մը տուած էր Թուրքիա։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ հիւրընկալուելէ վերջ, հիւր ղեկավարը Իսթանպուլէն հրաժեշտ առնելէ առաջ այցելեց Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը, ուր դիմաւորուեցաւ մեծ պատիւներով։ Զելենսքի ուխտի աղօթք մը կատարեց Ս. Գէորգ Պատրիարքանիստ եկեղեցւոյ մէջ եւ ընդունուեցաւ Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքին կողմէ։ Եկեղեցւոյ մէջ աղօթք տեղի ունեցաւ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի զոհերու հոգւոցն ի հանգիստ։ Հիւր նախագահին եւ Պատրիարքին դռնփակ զրոյցը տեւեց շուրջ 45 վայրկեան։ Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը Զելենսքին հիւրընկալելու ժամանակ երախտագիտութեամբ անդրադարձաւ Էրտողանի կողմէ գործադրուած ջանքերուն՝ պատերազմի դադրեցման եւ Ուքրայնայի վերականգնման ի նպաստ։
Ինչպէս ծանօթ է, Ուքրայնայի Եկեղեցին Ռուսաստանի հետ առկայ պատերազմով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ դուրս եկած էր Մոսկուայի Պատրիարքարանի՝ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հոգեւոր իշխանութեան սահմաններէն ու Տիեզերական Պատրիարքութեան հովանոցին տակ անցած էր։