ՆՈՐ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ կարեւոր հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ։ Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի նախագահներու այս շփումը զուգադիպեցաւ ՆԱԹՕ-ի Վիլնիուսի գագաթաժողովի ճիշդ նախօրեակին։ Արդարեւ, այդ գագաթաժողովը պիտի սկսի վաղը եւ ներկայիս Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ կուտակուած հիմնական խնդիրները մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն անոր ընթացքին եւ հաւանական արդիւնքներուն տեսակէտէ։ Երէկուան հեռախօսազրոյցով արդէն Էրտողան-Պայտըն նոր ժամադրութեան մը հեռանկարն ալ ուրուագծուեցաւ։ Արդարեւ, երկու ղեկավարները պայմանաւորուեցան տեսակցիլ Վիլնիուսի գագաթաժողովի օրերուն։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան եւ Պայտըն անդրադարձան ՆԱԹՕ-է ներս Ուքրայնայի դիրքին, Շուէտի անդամակցութեան հարցին, Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն, լիիրաւ անդամակցութեան գործընթացով հանդերձ, ինչպէս նաեւ «Ֆ-16» ռազմաօդանաւերու թրքական կողմի յանձնուելուն։ Նախագահները համակարծիք գտնուեցան, որպէսզի Վիլնիուսի գագաթաժողովի օրերուն տեսակցին ու մանրամասնօրէն քննարկեն ինչպէս երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքը, այնպէս ալ տարածաշրջանային բնոյթով խնդիրները։

Էրտողան եւ Պայտըն յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձուցին Շուէտի անդամակցութեան պարագան։ Ծանօթ է, որ Թուրքիա վաղուց այս հարցին շուրջ ունի վերապահութիւններ եւ Շուէտի կողմէ վերջին շրջանին առնուած քայլերը գործնականօրէն չեն բաւարարեր զինքը։ Էրտողան երէկ Պայտընի նկատառման յանձնեց, որ Շուէտի կողմէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ օրէնսդրութեան մէջ կատարուած փոփոխութիւնները կը համարուին ճիշդ ուղղութեամբ առնուած քայլեր։ Բայց եւ այնպէս, ՓՔՔ-ՓԵՏ-ԵՓԿ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողմնակիցները ազատօրէն կը շարունակեն կատարել ցոյցեր՝ դրուատելով ահաբեկչութիւնը, ինչ որ ի դերեւ կը հանէ այդ քայլերը։

Զրոյցի ընթացքին Էրտողան ընդգծեց նաեւ, որ ռազմաօդանաւերու վերաբերեալ Թուրքիոյ պահանջներուն՝ Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան հետ առընչակից դարձուիլը ճիշդ չի համարուիր։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Պայտընին կողմէ այս մասին ցուցաբերուած աջակցութեան համար։ Ըստ Էրտողանի, Թուրքիա սկզբունքային եւ ազնիւ է Եւրոմիութեան անդամակցելու ճանապարհին եւ կը ձգտի լիիրաւ անդամակցութեան գործընթացը վերակենդանացնել։ Ուստի, Անգարա կ՚ակնկալէ, որ Վիլնիուսի գագաթաժողովի ընթացքին Եւրոմիութեան ղեկավարներն ու յառաջատար երկիրները բացայայտ ու ամուր զօրակցութեան պատգամ մը տան՝ Թուրքիոյ լիիրաւ անդամակցութեան ի նպաստ։

Մինչ այդ, շաբաթավերջին Մոսկուայէն ալ ուշագրաւ լուրեր հասան։ Սուրիոյ հարցով Քրեմլինի յատուկ ներկայացուցիչը՝ Ալեքսանտր Լաւրենտիեւ խօսեցաւ Թուրքիա-Սուրիա-Ռուսաստան առանցքին վրայ գագաթաժողովի մը կազմակերպման հաւանականութեան շուրջ։ Ան ըսաւ, թէ չի բացառուիր նախագահ Էրտողանի, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի միջեւ հանդիպում մը։ Այս առանցքը բաւական կարեւոր է Անգարա-Դամասկոս յարաբերութիւններու բնականոնացման որոնումներուն տեսակէտէ, ինչ որ զերծ չէ նաեւ Ուաշինկթընի ուշադրութենէն։

Միւս կողմէ, Էրտողան-Պայտըն հեռախօսազրոյցէն առաջ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանն ալ շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Բաց աստի, Ֆիտան հեռաձայնով զրուցեց նաեւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 10, 2023