ՀԱՅ ԲԱՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ԳՐԱՒԱԿԱՆ
Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Հայ բանասիրութեան հեռանկարներ» խորագրեալ գիտաժողով մը, որ ունէր միջազգային բնոյթ։ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած էր ձեռնարկը՝ Հայաստանի Ազգային գրադարանին հետ համագործակցութեամբ։ Գիտաժողովի սկիզբին ընթերցուեցաւ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի պատգամը՝ Սիէթըլէն Տ. Վազգէն Քհնյ. Պոյաճեանի կողմէ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս գիտաժողովի շրջանակներէն ներս շեշտուեցաւ, որ հայ ժողովուրդի ինքնութեան պահպանման գրաւականներէն մին է հայ բանասիրութեան պահպանումը։ Մասնագիտական աշխատանքի շրջանակներէն ներս արժեւորուեցան հայ բանասիրութեան վերջին քսան տարիներու ձեռքբերումները եւ կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան՝ ուրուագծելու համար յառաջիկայ հինգ-տասն տարիներուն անոր զարգացման ուղղեալ գործնական քայլերուն շուրջ։ Քննարկումներու ընթացքին նկատի առնուեցան այն արմատական փոփոխութիւնները, որոնք վերջին տարիներուն տեղի ունեցան հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս եւ ընդհանրապէս գիտական ու աշխարհակարգային ոլորտներուն մէջ։
Թէ՛ փորձառու եւ թէ երիտասարդ բանասէրները օրակարգի հիմնական առանցքներուն շուրջ բազմակողմանի խորհրդածութիւններով հանդէս եկան։ Ազգային գրադարանի պատասխանատուներն ալ մատնանշեցին այս հաստատութեան առանձնայատուկ առաքելութիւնն ու գործունէութեան նշանակութիւնը՝ տուեալ նիւթին տեսակէտէ։
Գիտաժողովի ընթացքին Հայաստանէն եւ արտասահմանէն բազմաթիւ բանասէրներ հանդէս եկան զեկուցումներով։ Ատենախօսներու շարքին էր նաեւ Պոլիսէն Սեւան Տէյիրմենճեան, որ եւս զեկուցումով մը հանդէս եկաւ։