ԱՆՀԱՍԿՆԱԼԻ ՁԳՁԳՈՒՄ

BBC-ի ատր­պէյ­ճա­նե­րէն հա­ղոր­դում­նե­րու ծա­ռա­յու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ Պա­քու-Թիֆ­լիզ-Կարս եր­կա­թու­ղիի կա­ռուց­ման նա­խա­գի­ծը կը կորսնց­նէ իր նշա­նա­կու­թիւ­նը։ Նոյն աղ­բիւ­րը ու­շադ­րու­թիւն կը հրա­ւի­րէ այն հան­գա­ման­քին վրայ, թէ այս եր­կա­թու­ղին շա­հա­գործ­ման յանձ­նե­լու ժամ­կէ­տը կը յե­տաձ­գուի հինգ տա­րիէ ա­ւե­լի ժա­մա­նա­կէ մը ի վեր։ Ըստ վեր­ջին տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, այս եր­կա­թու­ղին հա­ւա­նա­բար շա­հա­գործ­ման յանձ­նուի եւ ա­ռա­ջին ա­ռեւտ­րա­կան ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը ի­րա­կա­նա­ցուի 2016 թուա­կա­նի վեր­ջա­ւո­րու­թեան կամ 2017 թուա­կա­նին։ Մինչ­դեռ, մեկ­նար­կի փու­լին կը նա­խա­տե­սուէր 2010 թուա­կա­նին ա­նոր պատ­րաստ ըլ­լա­լը։

Վե­րո­յի­շեալ աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րուն ար­ձա­գան­գե­լով՝ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ Ատր­պէյ­ճա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը թէեւ խիստ կա­րե­ւոր կը հա­մա­րէր այս եր­կա­թու­ղիին կա­ռու­ցու­մը, սա­կայն ա­նոր շի­նա­րա­րու­թիւ­նը ներ­կայ դրու­թեամբ դադ­րած է։ Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ այդ շի­նա­րա­րու­թիւ­նը ա­ւար­տած պէտք է ըլ­լար տա­կա­ւին հինգ տա­րի ա­ռաջ։ Եր­կա­թու­ղիի Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Վրաս­տա­նի տա­րածք­նե­րէն անց­նող հա­տուած­նե­րը պատ­րաստ են մաս­նա­կիօ­րէն։ Թրքա­կան կող­մը կը յայտ­նէ, որ շի­նա­րա­րու­թիւ­նը ընդ­մի­ջուած է ու պի­տի շա­րու­նա­կուի միայն յա­ջորդ շա­բաթ։ Վեր­լու­ծա­բան­նե­րուն կար­ծի­քով, ար­դէն 1 մի­լիառ տո­լա­րէ ա­ւե­լի ար­ժած Պա­քու-Թիֆ­լիզ-Կարս եր­կա­թու­ղիի նա­խա­գի­ծը կրնայ չդի­մա­նալ մրցու­նա­կու­թեան, ո­րով­հե­տեւ Ի­րա­նի դէմ սահ­մա­նուած մի­ջազ­գա­յին պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րու ջնջուե­լէն վերջ յա­ռա­ջի­կա­յին տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս այլ նա­խագ­ծեր կեան­քի պի­տի կո­չուին։ Ատրպէյ­ճա­նէն տնտե­սա­կան վեր­լու­ծա­բան Նա­թըք Զա­ֆէր­լիի կար­ծի­քով՝ ե­թէ Ի­րա­նէն եւ Ռու­սաս­տա­նէն, ինչ­պէս նաեւ Ա­սիա­յէն դէ­պի Ա­րեւ­մուտք նա­խա­տե­սուող նա­խագ­ծե­րը կեան­քի կո­չուին, ա­պա Պա­քու-Թիֆ­լիզ-Կար­սի շա­հու­թա­բե­րու­թիւ­նը զգա­լիօ­րէն պի­տի նուա­զի։ Մնաց որ այս նա­խագ­ծի պա­րա­գա­յին ա­ռանց այդ ալ մեծ շա­հու­թա­բե­րու­թիւն մը չէր են­թադ­րուեր։ Ըստ ի­րեն, Ռու­սաս­տան կը պատ­րաս­տուի տա­կա­ւին խորհր­դա­յին ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին Չե­խիա­յէն եւ Սլո­վա­քիա­յէն ան­ցած եր­կա­թու­ղի­նե­րը ար­դիա­կա­նաց­նել եւ զա­նոնք միաց­նել դէ­պի Չի­նաս­տան եւ Հնդկաս­տան գա­ցող իր եր­կա­թու­ղի­նե­րուն։ Դէ­պի Եւ­րո­պա Թուր­քիոյ վրա­յով ել­քի մը եր­կա­թու­ղին կը պատ­րաս­տուի նաեւ Ի­րա­նէն։ Ա­պա­գա­յին այդ եր­կա­թու­ղին կրնայ միա­նալ նաեւ Փա­քիս­տա­նին եւ Աֆ­ղա­նիս­տա­նին։ Այս պատ­ճա­ռով ալ այ­լընտ­րան­քա­յին եր­կա­թու­ղի­նե­րը խիստ գրա­ւիչ են։

Վեր­լու­ծա­բա­նին հա­մոզ­մամբ, Պա­քու-Թիֆ­լիզ-Կար­սի գլխա­ւոր խնդի­րը Մի­ջին Ա­սիա­յէն եւ Հե­ռա­ւոր Ա­րե­ւել­քէն ե­կող բեռ­նա­տար վա­կոն­նե­րը Կաս­պից ծո­վու վրա­յով լաս­տա­նա­ւե­րով ան­ցը­նելն է։ Սա թէ՛ սուղ է եւ թէ ժա­մա­նա­կի կո­րուստ, ինչ որ խիստ պի­տի նուա­զեց­նէ Ատր­պէյ­ճա­նի հա­մար ա­պա­գա­յին նա­խա­տե­սուած ե­կա­մուտ­նե­րը։ Ե­թէ նոյ­նիսկ այս եր­կա­թու­ղին ա­ւար­տի, ա­պա ա­նոր Ատր­պէյ­ճա­նի պիւտ­ճէին ա­պա­հո­վե­լիք հա­սոյ­թը այդ­քան ալ մեծ պի­տի չըլ­լայ։

Այս եր­կա­թու­ղիին վե­րա­բե­րեալ հա­մա­ձայ­նա­գի­րը ե­րեք եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն կող­մէ ստո­րագ­րուած էր 2007 թուա­կա­նի տա­րե­մու­տին եւ շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը սկսած էին 2008-ին։  Հա­յաս­տան ա­ռա­ջին իսկ օ­րէն սկսեալ վե­րա­պա­հու­թիւն յայտ­նած էր այս ծրագ­րին նկատ­մամբ այն պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւ­նով, որ Կար­սի եւ Կիւմ­րիի մի­ջեւ ար­դէն գո­յու­թիւն ու­նի եր­կա­թու­ղին։

Վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յանն ալ հա­ղոր­դում­ներ կա­տա­րած էր Պա­քու-Թիֆ­լիզ-Կարս եր­կա­թու­ղիի շի­նա­րա­րու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րու լուրջ կա­ղա­ցում­նե­րուն շուրջ։

 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2015