ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ԹԵՄԱԿԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴ Տ. ԱՐՄԱՇ ԵՊՍԿ. ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ. «ՄԵՐ ՑԱՒԸ ԱՐԺԱՆԻ Է ՅԱՐԳԱՆՔԻ»

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Դա­մաս­կո­սի Թե­մի բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նորդ Տ. Ար­մաշ Եպսկ. Նալ­պան­տեան իր «Ա­րե­ւելք» (www.arevelk.am) կայ­քին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ (6 Օգոստոս 2015) ը­սած է, որ Դա­մաս­կո­սի մէջ տի­րող ընդ­հա­նուր ի­րա­վի­ճա­կը նոյն­պէս վտան­գա­ւոր է յա­ռե­լով, որ քա­ղա­քի սահ­մա­նա­յին կրա­կա­գի­ծը կը գտնուի Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ կից: Սրբա­զան Հայ­րը նաեւ նշած է, որ հա­կա­ռակ տի­րող ծանր ի­րա­վի­ճա­կին Դա­մաս­կո­սի մէջ ազ­գա­յին կեան­քը կը շա­րու­նա­կուի։ «Հա­կա­ռակ տի­րող պայ­ման­նե­րուն, գա­ղու­թին մէջ մնա­ցող­նե­րը կը փոր­ձեն վառ պա­հել ազ­գա­յին կեան­քը: Թէեւ ա­ռա­ջուան աշ­խու­ժու­թիւ­նը չկայ», ը­սած է պատ­նէ­շի վրայ մնա­ցող Սրբա­զան Հայ­րը:

Սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մը յա­ռա­ջի­կայ Նո­յեմ­բե­րին պի­տի թեւակոխէ հինգերորդ տա­րին: Պաշ­տօ­նա­կան բան­բեր­ներ կը խօ­սին 250 հա­զար զո­հե­րու մա­սին, մինչ ան­պաշ­տօն մէ­կէ ա­ւե­լի աղ­բիւր­ներ կը հա­ւաս­տեն, որ սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մի զո­հե­րուն թի­ւը ար­դէն հա­տած է 400 հա­զա­րի սահմանը: Այս ընդ­հա­նուր ի­րա­վի­ճա­կէն ան­մասն չմնաց նաեւ հա­յու­թիւ­նը, ո­րուն թի­ւը նօս­րա­ցաւ եւ այ­սօր ամ­բողջ Սու­րիոյ տա­րած­քին կը բնա­կին ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նը 20 հազար հա­յեր, մինչ 2011 թուականէն ա­ռաջ սու­րիա­հու­թեան թի­ւը կը գնա­տա­հուէր 60-70 հազարի միջեւ: Այս թի­ւե­րը պաշ­տօ­նա­կան չեն եւ այս­պի­սի պայ­ման­նե­րու տակ անհ­նար է ստոյգ թի­ւե­րու մա­սին խօ­սիլ: Ե­րե­ւե­լի է, որ սու­րիա­հայ գա­ղու­թը ա­ռա­ջուա­նը չէ ու յատ­կա­պէս Հա­լէ­պի մէջ տեղի ունեած բա­խում­նե­րը հայ­կա­կան շրջան­նե­րը դար­ձու­ցին ան­դա­մա­լու­ծուած եւ «ա­ղէ­տա­հար» գօ­տի­ներ: Պէյ­րութ, Ե­րե­ւան, Շուէտ, Գեր­մա­նիա, Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ եւ այլ ա­փեր հա­սած սու­րիա­հա­յե­րուն սիր­տը տա­կա­ւին կը բա­բա­խէ ի­րենց օ­ճախ­նե­րու տրոփ­նե­րով: Ա­նոնց կա­րե­ւոր մէկ տո­կո­սը ե­տեւ նա­յե­լով ա­մէն օր կը սպա­սէ դրա­կան լու­րի մը: Ինչ­պէս Ար­մաշ Սրբա­զան կը նշէ, բո­լոր սու­րիա­հա­յե­րը չեն փա­փա­քիր հե­ռա­նալ Սու­րիա­յէն: Սրբա­զան Հայ­րը այդ մէ­կը կը վե­րագ­րէ՝ հե­ռա­նա­լու կողքին ա­նո­րո՛շ ա­պա­գա­յի մը, ա­նո­րո՛շ կեան­քի մը մէջ իյ­նա­լու վտանգ­նե­րու առ­կա­յու­թեան: «Պէտք է սու­րիա­հա­յու­թեան ցա­ւին յար­գան­քով մօ­տե­նալ», կ­՚ը­սէ Սրբա­զան Հայ­րը ու կ՚աւելցնէ. «Ճիշդ չէ ե­րե­ւոյ­թ մը ընդ­հան­րաց­նել: Մենք ո՛չ կ՚ար­գի­լենք եւ ոչ ալ կը ստի­պենք մեր զա­ւակ­նե­րը մնա­լու կամ եր­թա­լու: Ա­նոնք, ո­րոնք կը փա­փա­քին Սու­րիա­յէն հե­ռա­նալ, մենք զա­նոնք կը քա­ջա­լե­րենք մայր հայ­րե­նիք մեկ­նե­լու»: Սրբա­զա­նը նաեւ նկա­տել տուած է, որ Սու­րիոյ մէջ ապ­րող բո­լոր հա­յոր­դի­նե­րը չեն ու­զեր հե­ռա­նալ, նկա­տել տա­լով, որ հա­մայն­քի զա­ւակ­նե­րուն մեծ տո­կո­սը պայ­ման­նե­րու եւ յստակ ա­պա­գա­յի հեռ­ան­կա­րի բա­ցա­կու­թեան հե­տե­ւան­քով յայտ­նուած են շուա­րած վի­ճա­կի մը մէջ: Սրբա­զա­նը ը­սած է, որ թէեւ Դա­մաս­կո­սի մա­սին շատ չի խօ­սուիր հայ­կա­կան լրա­տուա­կան աղ­բիւր­նե­րու կող­մէ, սա­կայն ա­նոր շրջա­կայ­քը նոյն­քան ա­նա­պա­հով վի­ճա­կի մէջ է, ինչ որ Սու­րիոյ տար­բեր շրջան­նե­րը, եւ այդ վտան­գա­ւոր շրջան­նե­րու սահ­մա­նա­գի­ծը կ­՚անց­նի հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­մա­սէն: Ան անդ­րա­դառ­նա­լով այն­տեղ տի­րող կեն­ցա­ղա­յին պայ­ման­նե­րուն, ը­սած է, թէ Դա­մաս­կո­սը հա­մե­մա­տա­բար ու­րիշ շրջան­նե­րու, ա­ւե­լի բար­ւոք վի­ճակ մը կը պար­զէ: Գա­ղու­թա­յին կեան­քին վե­րա­բե­րեալ Սրբա­զան Հայ­րը նշած է, որ գա­ղու­թի բո­լոր վար­ժա­րան­ներն ու ա­կումբ­նե­րը կը գոր­ծեն կա­նո­նա­ւոր կեր­պով, եւ թէ ազ­գա­յին կեան­քը կը շա­րու­նա­կուի, ինչպէս որ էր խըն-դիր­նե­րէն ա­ռաջ ու նոյն ե­ռան­դով, սա­կայն ա­ւե­լի հա­մեստ ներ­կա­յու­թեամբ եւ հա­մեստ պայ­ման­նե­րու մէջ: Զե­կու­ցե­լով դա­մաս­կո­սա­հայ գա­ղու­թի մար­դա­հա­մա­րին մա­սին, Սրբա­զա­ն Հայրը յայտ­նեց, որ 1200 ըն­տա­նի­քէ բաղ­կա­ցած գա­ղու­թէն՝ որ կը նշա­նա­կէ 7-8 հազար հոգի, այ­սօր մնա­ցած է հա­զիւ 4 հազար: Ան ա­ւել­ցուց, որ բա­ցի քա­նա­կա­կան վնա­սէն, գա­ղու­թը կրած է նաեւ նիւ­թա­կան մեծ վնաս­ներ, Դա­մաս­կո­սի վրայ գոր­ծուած ռմբա­կո­ծում­նե­րու հե­տե­ւան­քով քան­դուած է այն­տեղ գոր­ծող Թէքէեան մշակութային միութեան (ԹՄՄ) շէն­քը, Ս. Սար­գիս ե­կե­ղե­ցին, Հայ կա­թո­ղի­կէ Թա­գու­հի Տիե­զե­րաց ե­կե­ղե­ցին, «Փա­րոս» հայ կա­թո­ղի­կէ վար­ժա­րա­նը, ո­րու վրայ կա­տա­րուած ռմբա­կոծ­ման հե­տե­ւան­քով վի­րա­ւո­րուած են եօթանասունհինգ ե­րա­խա­ներ, իսկ Ազ­գա­յին Թարգ­ման­չաց ճե­մա­րանի վրայ ե­ղած պայ­թու­մին զոհ գա­ցած են չորս ման­կա­հա­սակ­ներ: Վեր­ջերս, հա­յաս­տան­ցի մե­ծա­հա­րուստ Գա­գիկ Ծա­ռու­կեա­նի կող­մէ Ան­թի­լիա­սի Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին ե­ղած իշ­խա­նա­կան նուի­րա­տուու­թեան մա­սին Սրբա­զա­ն Հայրը պար­զա­բա­նած է, որ ա­ռայժմ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ չու­նի, թէ քանի՛ տո­կոսը պի­տի յատ­կա­ցուի Դա­մաս­կո­սի Թե­մին: Ան ա­ւել­ցու­ցած է, որ այս գծով Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մի ա­ռա­ջին օ­րե­րէն ե­ղած է ընդ­հա­նուր պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն մը, որ բո­լոր նուի­րա­տուու­թիւ­նե­րը պէտք է հաս­նին կա­թո­ղի­կո­սա­րան­նե­րու եւ նուի­րա­պե­տա­կան ա­թոռ­նե­րու մի­ջո­ցաւ ու ա­նոնք ի­րենց հեր­թին գու­մար­նե­րը պի­տի փո­խան­ցեն սու­րիա­հա­յու­թեան Շտապ օգ­նու­թեան եւ վե­րա­կանգ­նու­մի մարմնին, ո­րուն մէջ իւ­րա­քան­չիւր հա­մայնք եւ քա­ղա­քա­կան ու մշա­կու­թա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն իր ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը ու­նի։ Ուս­տի նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րու ստանձ­նման գոր­ծին մէջ պար­տա­դիր չէ բո­լոր կող­մե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը: Տ. Ար­մաշ Սրբա­զան սրտցա­ւօ­րէն յայտ­նած է, որ հա­յու­թեան կող­մէ յա­ճախ ան­տե­սուած կը մնայ մի­ջազ­գա­յին լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու կող­մէ մեծ ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նա­ցած Հոմ­սի մէջ գոր­ծող հարիւրտասն ըն­տա­նի­քէ բաղ­կա­ցած եւ Դա­մաս­կո­սի Թե­մին պատ­կա­նող հայ գա­ղու­թը եւ կոչ ու­ղղած է՝ աչ­քա­թող չը­նել ա­նոր կա­րիք­նե­րը: Ման­րա­մաս­նե­լով, Սրբա­զան Հայ­րը տե­ղե­կու­թիւն փո­խան­ցած է գա­ղու­թի կրած վնաս­նե­րուն մա­սին, յի­շե­լով, որ Հոմ­սի մէջ գտնուող ազ­գա­յին Սա­հա­կեան վար­ժա­րանն ու Ս. Մես­րոպ ե­կե­ղե­ցին, ո­րոնք կը գոր­ծէին նոյն շէն­քին մէջ, զի­նեալ­նե­րու կող­մէ վե­րա­ծուած էր բժշկա­կան կեդ­րո­նի եւ օգ­տա­գոր­ծուած՝ որ­պէս դաշ­տա­յին հի­ւան­դա­նոց, այդ իսկ պատ­ճա­ռով շէն­քը չէ քան­դուած, սա­կայն կը գտնուի անմ­խի­թար վի­ճա­կի մը մէջ եւ կա­րե­լի չէ զայն օգ­տա­գոր­ծել: Սու­րիոյ տագ­նա­պի հան­գու­ցա­լուծ­ման մա­սին իր կար­ծի­քը յայտ­նե­լով՝ Ար­մաշ Սրբա­զան ը­սած է. «Յայտ­նի է, որ Սու­րիոյ մէջ կա­տա­րուա­ծը ո­րե­ւէ մէկ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան, քա­ղա­քա­կան կամ «Արա­բա­կան գար­նան» հետ կապ չու­նի եւ ոչ ալ բա­րե­փո­խում­նե­րու պայ­քար մըն էր ե­ղա­ծը, այլ միայն մի­ջազ­գա­յին եւ տա­րա­ծքաշր­ջա­նա­յին հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու դաշտ»։ Ան նաեւ նկա­տել տուած է, որ վեր­ջին շրջա­նի քա­ղա­քա­կան եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան յար­ձա­կում­նե­րը՝ ուղ­ղուած Սու­րիոյ, մեղ­մա­ցած են, եւ մեծ եր­կիր­նե­րու խա­ղա­քար­տե­րու փո­փո­խու­թիւ­նը ցոյց կու տայ Սու­րիոյ տագ­նա­պին եւ ճգնա­ժա­մին ի­րա­կան դէմ­քը եւ այս բո­լո­րը ա­պա­հով կեան­քի վե­րա­հաս­տատ­ման յոյս կը ներշն­չէ երկրի ժո­ղո­վուր­դին ընդ­հան­րա­պէս եւ սու­րիա­հա­յու­թեան մաս­նա­ւո­րա­բար: Սրբա­զան Հայ­րը իր խօս­քին մէջ անդ­րա­դառ­նա­լով Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ վեր­ջերս քննար­կե­լի դար­ձած սու­րիա­հա­յու­թեան տե­ղա­փո­խու­թեան հար­ցին եւ հա­յաս­տա­նեան լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու կող­մէ յան­գե­ցուած եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րուն, թէ հա­լէ­պա­հու­թիւ­նը ամ­բող­ջու­թեամբ կ­՚ու­զէ դուրս գալ երկ­րէն, սա­կայն ա­նոր մի­ջոց­ներ կը պակ­սին, ան կու գայ զգաս­տու­թեան հրա­ւի­րե­լու վեր­ջին­ներս եւ կոչ ու­ղղե­լու ա­նոնց, յար­գան­քով վե­րա­բե­րիլ սու­րիա­հա­յուն ցա­ւին, ա­ռանց ընդ­հան­րաց­նե­լու ե­րե­ւոյթ­նե­րը, քա­նի որ յստակ է, թէ բո­լորը նման կար­ծի­քի վրայ չեն եւ ա­նոնց մե­ծա­մաս­նու­թեան մտա­տան­ջու­թիւ­նը ան­հե­ռան­կար ա­պա­գա­յի պատ­կերն է ու ա­նե­լա­նե­լի ան­կողմ­նո­րո­շուա­ծու­թիւ­նը:

Սրբա­զան Հայ­րը խօս­քի ա­ւար­տին յոր­դո­րած է աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թեան, որպէսզի շա­րու­նա­կուի սու­րիա­հա­յու­թեան հա­մար օգ­նու­թեան ձեռք մեկ­նե­լու ջան­քե­րը, ո­րով­հե­տեւ տա­կա­ւին շա­րու­նա­կուող ճգնա­ժա­մա­յին շրջա­նի չորրորդ տա­րուան մէջ այդ օգ­նու­թիւն­նե­րուն խիստ կա­րի­քը կը զգա­ցուի:

Ինչ­պէս վե­րը նկա­տե­ցիք, Սրբա­զա­ն Հօր գլխա­ւոր մտա­հո­գու­թիւ­նը Սու­րիոյ հա­յու­թեան հան­դէպ առ­կայ ու­շադ­րու­թեան պահ­պա­նումն է, ո­րով­հե­տեւ գա­ղու­թին մէջ մնա­ցող հա­յոր­դի­նե­րը բո­լոր տե­սա­կի օ­ժա­նա­դա­կու­թեանց կա­րիքն ու­նին: Կա­րե­ւոր են նաեւ Սրբա­զան Հօր մօտեցումները մնալու կամ չմնալու մասին Սու­րիոյ մէջ։ Ան շատ պարզ, շատ յստակ ու ան­կեղծ խօս­քե­րով կը բա­ցատ­րէ, թէ Սու­րիոյ մէջ մնա­լու կամ հե­ռա­նա­լու հար­ցը ո՛չ ո­քի մե­նաշ­նորհն է ու այն­քան ա­տեն, որ այդ հո­ղին վրայ հա­յեր կը շա­րու­նա­կեն ապ­րիլ, այդ կը նշա­նա­կէ որ սու­րիա­հայ գա­ղու­թը պի­տի շա­րու­նա­կէ իր կեան­քը: Ճիշդ է, որ այդ կեան­քը այսօր դարձած է վտանգ­նե­րով, հա­րուած­նե­րով, շատ յա­ճախ կո­րուստ­նե­րով լե­ցուն: Ու պարզ է, որ Հա­լէ­պը, Դա­մաս­կո­սը եւ Լա­թա­քիան բա­րօր եւ եր­ջա­նիկ կեանք մը ապրելու վի­ճա­կի մէջ չեն այ­սօր:

Ա­ռի­թով մը տար­բեր մա­կար­դա­կի պա­տաս­խա­նա­տու­ներ մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նած են, որ սու­րիա­հա­յու­թեան վի­ճա­կին մա­սին խօ­սե­լու ա­տեն պէտք չէ խու­ճա­պի մա­սին խօ­սուի։

Ե­թէ պէտք ե­ղա­ծը խու­ճապ է հաս­նե­լու հա­մար ա­նոնց ծով կա­րիք­նե­րուն, ա­պա բո­լորս պէտք է խու­ճա­պի ար­ձա­գանգ­նե­րը հնչեց­նենք:

Ե­թէ Սու­րիոյ մէջ գո­յա­տե­ւող մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու վի­ճա­կը որ­պէս խու­ճապ ներ­կա­յաց­նե­լը կրնայ ծա­ռա­յել ա­նոնց յա­ւե­լեալ օգ­նու­թիւն­ներ հաս­ցնե­լու, ա­պա այ­ո՛, ի­րա­վի­ճա­կը այ­սօր եւս խու­ճա­պա­յին է:

Սու­րիան պի­տի ապ­րի: Կը մնայ հա­ւա­տալ ա­նոր ա­պա­գա­յին։ Իսկ ի՛նչ կրնայ պա­տա­հիլ սու­րիա­հա­յու­թեան։ Ա­պա այս խնդրի սահ­մա­նա­գի­ծե­րը եւ վճիռ կա­յաց­նե­լու ի­րա­ւունք ու­նե­ցող միակ կող­մը Սու­րիոյ մէջ ապ­րող ու բո­լոր հա­րուած­նե­րուն դի­մա­ցող հա­յերն են:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

 

 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2015