ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ԴԷՊՔԵՐ
Իսթանպուլի մէջ այս առաւօտ ապրուեցաւ զգայացունց դէպք մը։ Այսպէս, Սուլթանպէյլիի մէջ յարձակում գործուեցաւ ոստիկանատան մը վրայ։ Դէպքին հետեւանքով նահատակուեցաւ ոստիկան մը։ Վիրաւորուեցան երեք ոստիկան եւ եօթ քաղաքացիներ։ Աւելի վերջ հաղորդուեցաւ, թէ յարձակումը իրականացուցած ՓՔՔ-ական երկու ահաբեկիչները սպաննուած են։ NTV-ի հաղորդումներով ապահովութեան ուժերը ձեռնարկած են նաեւ լայնածաւալ գործողութիւններու։
Միւս կողմէ, այս առաւօտ յարձակում մըն ալ գործուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Իսթանպուլի հիւպատոսարանին վրայ։ Կը հաղորդուի, որ երկու հոգի կրակած է Իսթինիէի շէնքին վրայ։ Յարձակողներէն մին եղած է իգական, իսկ միւսը արական սեռէ։ Ոստիկանութեան միջամտութիւնով դէպքէն վերջ ծագած են բախումներ, որոնց արդիւնքին իգական սեռէ յարձակողը ձերբակալուած է վիրաւորեալ վիճակի մէջ։ Այս դէպքին կապակցութեամբ ալ ոստիկանութիւնը ձեռնարկած է լայնածաւալ գործողութիւններու։