ՎՈԼՔԱՆ ՊՈԶՔԸՐ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԵՒՐՈՊԱ

Եւ­րո­միու­թեան գծով նա­խա­րար եւ ա­ւագ բա­նագ­նաց Վոլ­քան Պոզ­քըր կը պատ­րաս­տուի այս շաբ­թուան տե­ւո­ղու­թեան ի­րա­կա­նաց­նել ու­ղե­ւո­րու­թիւն մը՝ Եւ­րո­պա­յի մէջ բա­ցատ­րե­լու հա­մար Թուր­քիոյ կող­մէ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ ձեռ­նար­կուած պայ­քա­րը եւ լուծ­ման գոր­ծըն­թա­ցին ուղ­ղու­թեամբ ա­նոր վճռա­կա­մու­թիւ­նը։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րէն ներս ու­նե­նա­լիք շփում­նե­րուն ըն­թաց­քին Վոլ­քան Պոզ­քըր երկ­խօս­նե­րուն տե­ղե­կու­թիւն­ներ պի­տի փո­խան­ցէ Թուր­քիոյ վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն շուրջ ու պի­տի մատ­նան­շէ, թէ ա­հա­կեկ­չու­թեան դէմ ձեռ­նար­կուած պայ­քա­րը չէ փո­խած կա­ռա­վա­րու­թեան վճռա­կա­մու­թիւ­նը՝ բա­րե­փո­խում­նե­րուն եւ լուծ­ման գոր­ծըն­թա­ցին ուղ­ղու­թեամբ։

Ըստ նա­խա­տե­սուած ծրագ­րին, Վոլ­քան Պոզ­քըր ա­ռա­ջին հեր­թին Աւստ­րիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Վիեն­նա­յի մէջ պի­տի տե­սակ­ցի Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի ընդ­լայն­ման գծով կո­մի­սար Եո­հան­նէս Հահ­նի հետ։ Ան Պեր­լի­նի մէջ ալ պի­տի մէկ­տե­ղուի Գեր­մա­նիոյ Եւ­րո­միու­թեան գծով նա­խա­րար Մի­խա­յէլ Ռոթ­հի հետ։ Բաց աս­տի, Պոզ­քըր Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նէն ներս եւս պի­տի ի­րա­կա­նաց­նէ տե­սակ­ցու­թիւն­ներ։ ԵՄ-ի ան­դամ այլ շարք մը եր­կիր­նե­րու մայ­րա­քա­ղաք­ներն ալ պի­տի այ­ցե­լէ Վոլ­քան Պոզ­քըր եւ այս բո­լոր հանգ­րուան­նե­րուն պի­տի փո­խան­ցէ նոյն պատ­գամ­նե­րը։

Դի­ւա­նա­գի­տա­կան այս ջան­քե­րուն զու­գա­հեռ Թուր­քիա կը շա­րու­նա­կէ ծանր հա­րուած­ներ հասց­նել «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) եւ ՓՔՔ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն դէմ։ Մինչ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին ա­մե­նայն սաստ­կու­թեամբ, Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի քրդա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան «փեշ­մեր­կէ» զօր­քե­րու հրա­մա­նա­տար­նե­րէն Զաիմ Ա­լի յայտ­նեց, թէ ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը պէտք է քա­շուի տա­րած­քաշր­ջա­նէն։

Բաց աս­տի, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու զօր­քերն ալ կը շա­րու­նա­կեն Թուր­քիոյ վրա­յով գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նաց­նել ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն դէմ։ Շա­բա­թա­վեր­ջին ա­մե­րի­կեան կող­մը Ին­ճիր­լի­քի ռազ­մա­խա­րիս­խը ու­ղար­կած է յա­ւե­լեալ ռազ­մաօ­դա­նա­ւեր եւ անձ­նա­կազմ։ Ին­ճիր­լի­քի վրա­յով Ի­ՇԻՊ-ի դիր­քե­րուն դէմ տրուած հա­րուած­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2015