ՕՐՀԱՍԱԿԱՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

«Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նը շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղե­կա­ցուց, թէ սու­րիա­հա­յոց վի­ճա­կը կը շա­րու­նա­կէ մնալ օր­հա­սա­կան։ Այս­պէս, Հա­լէ­պի հայ հա­մայն­քէն փո­խան­ցած են, որ ռմբա­կո­ծում­նե­րուն զու­գա­հեռ վեր­ջին շրջա­նին յատ­կա­պէս լուրջ խնդիր­ներ ծա­գած են ջրա­մա­տա­կա­րար­ման վե­րա­բե­րեալ։ Սա­րին Մել­քո­նեան, որ ե­րեք ա­միս ա­ռաջ իր ըն­տա­նի­քին հետ Հա­լէ­պէն մեկ­նած է Ե­րե­ւան, փո­խան­ցեց իս­կա­պէս հե­տաքրք­րա­կան վկա­յու­թիւն­ներ, ո­րոնք միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կու գան ցո­լաց­նել, թէ սու­րիա­հա­յու­թեան դի­մագ­րա­ւած դժուա­րու­թիւն­նե­րը ի՛նչ­պի­սի ող­բեր­գու­թեան մը սահ­ման­նե­րուն կը հաս­նին։ Ան ը­սած է, թէ Հա­լէպ-Ե­րե­ւան ճա­նա­պար­հը շատ եր­կար ու դժուար էր, սա­կայն այ­լեւս ան-հընար դար­ձած էր ծննդա­վայ­րին մէջ մնա­լը։ «Այդ օ­րե­րը տա­կա­ւին իմ վրաս են, ջու­րի տագ­նա­պը, ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան չըլ­լա­լը, ռմբա­կո­ծում­նե­րը։ Տեղ մը հա­սաւ, որ այ­լեւս չդի­մա­ցանք, այս­պէ­սով ո­րո­շում ա­ռինք եւ քայլ նե­տե­ցինք։ Հա­յաս­տան հաս­նե­լու ժա­մա­նակ ա­մէն ինչ դիւ­րին չե­ղաւ, բայց փառք Աս­տու­ծոյ, որ հա­սանք ըն­տա­նեօք», ը­սաւ Սա­րին Մե­լո­նեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ Սու­րիոյ մէջ մնա­ցած իր բա­րե­կամ­նե­րուն եւ հա­րա­զատ­նե­րուն հետ կը հա­ղոր­դակ­ցի դժուա­րու­թեամբ, ո­րով­հե­տեւ Հա­լէ­պի մէջ հա­մա­ցան­ցը գրե­թէ չի գոր­ծեր։ «Ա­նո­րոշ վի­ճակ է, չեմ գի­տեր, շատ դժուար պայ­ման­նե­րով ի­րենց հետ կապ կը պա­հեմ, նոյն վի­ճա­կի մէջ են. ա­միս մըն է ջուր չկայ, մեծ, պզտիկ, ծեր, ա­ռանց տա­րիք հարց­նե­լու ջուր կը կրեն այդ ռմբա­կո­ծում­նե­րուն տակ, վտան­գե­լով ի­րենց կեան­քը», նշեց Սա­րին Մել­քո­նեան։

Եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր Սու­րիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը չի յա­ջո­ղիր լու­ծել ջրա­մա­տա­կա­րար­ման խնդի­րը, որ ծա­գած է տա­կա­ւին շա­բաթ­ներ ա­ռաջ։ Յու­լի­սին Պե­շար Է­սա­տի ղե­կա­վա­րու­թեան դէմ ապս­տամ­բած զի­նեալ­նե­րը գրա­ւած են հիմ­նա­կան ջրա­մա­տա­կա­րար ըն­կե­րու­թիւ­նը եւ քա­ղա­քը զրկած են ջու­րէ։ Այ­սօր խնդի­րը ա՛լ ա­ւե­լի սրուած է եւ զայն լու­ծե­լու հա­մար կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը պատ­րաս­տուի Հա­լէ­պի մէջ նոր ջրհոր­ներ փո­րել յա­ռա­ջի­կա­յին։

Հա­լէ­պի Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նէն Զար­միկ Պօ­ղի­կեանն ալ նոյն­պէս «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նին հետ ու­նե­ցած հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցին ըն­թաց­քին յայտ­նած է, որ վի­ճա­կը կը շա­րու­նա­կէ մնալ օր­հա­սա­կան։ Ըստ ի­րեն, ջու­րի տագ­նա­պը սոս­կա­լի վի­ճակ մըն է։ Ար­դէն շուրջ ինն օ­րէ ի վեր դադ­րած է ջու­րի մա­տա­կա­րա­րու­մը ու կ՚օգ­տա­գոր­ծուին ջրհոր­նե­րու ջու­րե­րը։ Գետ մըն ալ կայ Հա­լէ­պի մէջ։ Պե­տու­թիւ­նը այդ գե­տին շուրջ սկսած է զե­տե­ղել զտիչ գոր­ծիչ­ներ, որ­պէս­զի ժո­ղո­վուր­դը օգ­տա­գոր­ծէ ա­նոր ջու­րը։ Պատ­րաս­տու­թիւն­ներ կը տես­նուին նաեւ ջրհոր­ներ փո­րե­լու հա­մար։

Հա­լէ­պի մէջ խա­փա­նուած է նաեւ ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան մա­տա­կա­րա­րու­մը եւ բնա­կիչ­նե­րուն օ­րա­կան միայն ժամ մը հո­սանք կը տրուի։ Քա­ղա­քի հա­յաբ­նակ շրջան­նե­րուն մէջ պայ­թում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Նոյն թա­ղա­մա­սե­րուն մէջ նոյն ձե­ւով կը պայ­թին հրթիռ­ներ, եր­բեմն ա­պա­հով բնա­կե­լի թա­ղա­մա­սե­րուն վրայ եւս կ՚ար­ձա­կուին հրթիռ­ներ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2015