ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՄԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀ

«The Wall Street Journal» ամերիկեան հեղինակաւոր թերթը գրեց, որ Սէուտական Արաբիան եւ Իսրայէլը բնականոնացման ճանապարհը բռնած են՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ։ Ըստ թերթի հաղորդումներուն, Սէուտական Արաբիոյ կողմէ Իսրայէլի ճանաչման համար նախատեսուած համաձայնութեան հիմնական ուղղութիւններուն շուրջ արդէն փոխըմբռնում գոյացած է։ Երկու երկիրները զարգացում արձանագրած են բնականոնացման ճանապարհին եւ մանրամասնութիւնները կրնան յստականալ 9-12 տարուան ընթացքին։ Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճէյք Սալըվընն ալ վերջերս արդէն ուղեւորութեան մը ձեռնարկած է՝ այս նոյն նպատակները հետապնդելով։

Ըստ մասնագէտներուն, բանակցութիւններու հիմնական բարդութիւնը կը վերաբերի Պաղեստինին։ Արդարեւ, Սէուտական Արաբիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու փոխարէն՝ Իսրայէլ պիտի պարտաւորուի կարգ մը զիջումներ կատարել պաղեստինցիներուն։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 10, 2023