ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ

Թուրքիա հերթական անգամ խաղաղութեան կոչ ուղղեց Ռուսաստանին եւ Ուքրայնային։

Երէկ, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին ժողովը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ գումարուած նիստը տեւեց շուրջ երեք ժամ։ Ժողովէն վերջ հրապարակուեցաւ զեկոյց մը, որու մէջ առանձնապէս անդրադարձ կատարուեցաւ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին։ Այսպէս, տեղեկացուեցաւ, որ պատերազմի ընթացքն ու ապագայ հաւանական փուլերու տարածաշրջանին վրայ նախատեսուած հաւանական ազդեցութիւնները ծաւալուն քննարկման ենթարկուած են։ Մասնաւորապէս շեշտուեցաւ, թէ Սեւ ծովէ ներս լարուածութեան մագլցումը ոեւէ մէկու շահերուն տեսակէտէ նպաստաւոր պիտի չըլլայ։ Խորհուրդը կոչ ուղղած է, որպէսզի բոլոր կողմերը առանց յապաղելու բանակցային սեղանին շուրջ նստին ու վերջ տան պատերազմին։ Սեւ ծովու միջոցաւ հացահատիկի փոխադրութեան գործարքի վերականգնումն ալ առանձնապէս մատնանշուեցաւ զեկոյցին մէջ։ Արդարեւ, սա պիտի կանխէ կարօտեալ երկիրներու պարագային հաւանական ժխտական երեւոյթները, նաեւ պիտի նպաստէ սնունդի կայունութեան։

Ծանօթ է, որ Թուրքիա կը պատրաստուի յառաջիկայ շրջանին հիւրընկալել Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 10, 2023