ՄԵՀՄԷՏ ՇԻՄՇԷՔ ԼԱՒԱՏԵՍ
Ելմտական ու պետական գանձի նախարար Մեհմէտ Շիմշէք լաւատես կանխատեսումներ ըրաւ Թուրքիոյ տնտեսութեան համար։ Նախարարին խօսքով՝ ներկայիս առկայ են Թուրքիոյ դէմ հովեր, սակայն 2024 թուականի երկրորդ կէսէն սկսեալ այդ հովերը պիտի սկսին փչել Թուրքիոյ ի նպաստ։
Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ նախարարը դիտել տուաւ, որ հարկերու վերաբերեալ վերջին կարգադրութիւնները կատարուած են տարեմուտի ահաւոր երկրաշարժի հետեւանքներու դիմագրաւման նպատակով։ «Մեր նպատակն է այս անցումային շրջանէն վերջ գնաճը մշտականօրէն իջեցնել», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ յառաջիկայ շրջանին պիտի աւելնան Թուրքիա մուտք գործած միջոցները։ Անորոշութիւնները պիտի նուազին, ընթացիկ հաշիւներու բացը պիտի նուազի, ինչ որ դրական ազդեցութիւն պիտի գործէ նաեւ տարադրամի փոխարժէքներու յարաբերական կայունացման ուղղութեամբ։
Մեհմէտ Շիմշէք դիտել տուաւ, որ Թուրքիա շփման մէջ անցած է այն երկիրներուն հետ, որոնք աւելի դրամագլուխ ունին։ Այս շրջանակին մէջ առաջնահերթութիւն տրուած է Արաբական ծոցի երկիրներուն, որոնց ղեկավարներուն հետ շատ դրական յարաբերութիւններ ունի Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանը։ Շիմշէք դիտել տուաւ, որ վերջին ութը շաբթուան ընթացքին արտասահմանէն յստակ մուտքեր կը նկատուին սակարան։ Թուրքիա երկիր մըն է, որ ունի մեծ ներուժ եւ մեծ շուկայ։ Ուստի, նախարարին կանխատեսումներով, թէեւ ներկայիս համաշխարհային տնտեսական աճը դանդաղած է, սակայն, յաջորդ տարուան երկրորդ կէսէն սկսեալ այսօրուան հակառակ հովերը Թուրքիոյ տեսակէտէ նպաստաւոր բնոյթ պիտի ստանան։