ՀԱՄԱԴՐՈՒԱԾ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ

Երեւան-Նիւ Տելհի առանցքին վրայ համագործակցութիւնը բազում ուղղութիւններով կը խորանայ։ Այս ամբողջին մէջ կ՚առանձնանայ ռազմական բնագաւառը՝ մինչ երկար ժամանակէ ի վեր միջազգային աղբիւրները կ՚արձագանգեն Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ զէնք ու զինամթերքի գործարքներու։ Հնդկաստանի պաշտպանական արդիւանաբերութեան արտադրանքի կարեւոր յաճախորդներէն մին դարձած է Հայաստան, որ գոյաբանական մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ։

«Արմէնփրէս» գործակալութիւնը նախընթաց օր արձագանգ հանդիսացաւ հայ-հնդկական նոր գործարքի մը։ Այսպէս, Հայաստան կը դառնայ Հնդկաստանի կողմէ արտադրուած «Akash-1S» զենիթահրթիռային համակարգերու առաջին օտարերկրեայ գնորդը։ Կը նախատեսուի, որ մինչեւ տարեվերջ Հնդկաստան այդ հրթիռները փոխանցած ըլլայ Հայաստան։ Ըստ «Indian Defence Research Wing» հարթակին վրայ հրապարակուած մանրամասնութիւններուն՝ Հայաստան այդ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերէն 15 հատ ներածելու համար պատուէր տուած է տակաւին 2022 թուականին։ Գործարքը կ՚արժէ շուրջ 720 միլիոն ամերիկեան տոլար։ Համակարգերու արտադրութիւնը կ՚իրականացուի Հնդկաստանի «Bharat Dynamics Limited» ընկերութեան կողմէ։

«Akash-1S» համակարգերը կ՚օգտագործուին թիրախներու միաժամանակեայ աշխոյժ որոնման եւ ուղղորդման համադրութեան նպատակով։ Անոնք յուսալի պաշտպանութիւն կ՚ապահովեն օդային սպառնալիքներէ. օրինակ՝ կործանիչ ռազմաօդանաւեր, կառավարուող հրթիռներ կամ անօդաչու սարքեր։

Միւս կողմէ, Հայաստան-Հնդկաստան համագործակցութիւնը կը զարգանայ նաեւ տիեզերական ուսումնասիրութիւններու բնագաւառին մէջ։ Հնդկական «Skyroot Aerospace» ընկերութեան հիմնադիր ու գլխաւոր գործադիր տնօրէն Փաւան Չանտանա վերջերս այցելեց Հայաստան։ Ըստ իրեն՝ իր ընկերութիւնն ու հայկական «Բազումք» տիեզերական հետազօտութիւններու լապորաթուարը ձեռնամուխ եղած են համատեղ ծրագրի մը։ Անոնք կը զբաղին փոքր ձեւաչափի արբանեակներու փորձարկման նմոյշներու հաւաքման, համարգման ու արդիւնքի փորձարկման վերաբերեալ աշխատանքներով։

Հնդկական սոյն ընկերութիւնը հիմնադրուած է 2018 թուականին։ Անոր կողմէ արտադրուած «Vikram S»ը եղած է տիեզերք արձակուած Հնդկաստանի առաջին մասնաւոր հրթիռը։ Հնդկական այս ընկերութեան հիմնական ներդրողներէն մին է ամերիկահայ Ռազմիկ Յովակիմեան, որ աւարտած է Սթենֆորտի համալսարանը ու մեծապէս կը հետաքրքրուի տիեզերական ուսումնասիրութիւններով։

Շաբաթ, Օգոստոս 10, 2024