«IMF-Ի ՄՕՏ ՊԵԼԺԻԱՆ ԵՒ ԼԻՒՔՍԵՄՊՈՒՐԿԸ ՍՏԻՊՈՒԱԾ ԵՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԻԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԵՏ»
Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքէր երէկ Եւրոխորհրդարանի առջեւ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Սթրազպուրկի մէջ։ Այս առթիւ ան յայտարարեց, որ եկած է ազնուութեան, միասնականութեան եւ համերաշխութեան ժամանակը։ Անդրադառնալով փախստականներու հիմնախնդիրներուն՝ Եունքէր դիտել տուաւ, թէ տարեսկիզբէն ի վեր շուրջ 500 հազար հոգի բռնած է Եւրոպա երթալու ճանապարհը։ Անոնց մեծամասնութիւնը խոյս տուած է Սուրիոյ պատերազմէն, «Իսլական պետութիւն»ի ահաբեկչութենէն կամ Էրիթրէի բռնապետութենէն։ Ըստ իրեն, փախստականներու հիմնախնդիրը բոլորէն աւելի ազդած է Յունաստանի վրայ։ Այդ երկիրը ընդունած է 213 հազար փախստական։ Հունգարիա մեկնած է 145 հազար հոգի, իսկ Իտալիա՝ 115 հազար։ «Մենք պէտք է յիշենք, որ Եւրոպան աշխարհամաս մըն է, ուր բոլորս ալ օր մը եղած ենք փախստական։ Եւրոպան է, որ այսօր կտոր մը յոյս կը հանդիսանայ Միջին Արեւելքի ու Ափրիկէի կանանց ու տղամարդկանց համար», ըսաւ Ժան Քլոտ Եունքէր եւ կոչ ուղղեց, որպէսզի սկսի աշխատանքը փախստականներու հիմնախնդիրը կարգաւորելու ուղղութեամբ։
Իր ելոյթին մէջ Եունքէր խօսեցաւ նաեւ Յունաստանի, եւրոգօտիի եւ եւրոպական տնտեսութեան համար նոր սկիզբի մը անհրաժեշտութեան շուրջ։ Այս շրջագծին մէջ Եւրոյանձնաժողովի նախագահը անդրադարձաւ նաեւ IMF-ին եւ ըսաւ. «Մենք գիտենք, որ որքան կարեւոր է IMF-ն։ Բայց եւրոգօտիի հետ մէկ ձայնով խօսելու փոխարէն Պելժիան եւ Լիւքսեմպուրկը ընտրելու ժամանակ ստիպուած են համաձայնիլ Հայաստանի եւ Իսրայէլի հետ, Սպանիա հաշիւի կը նստի Լատինական Ամերիկայի երկիրներուն հետ»։