ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ
Դէպի Լոնտոն կատարած պաշտօնական այցելութեան շրջագծով, երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան հանդիպում մը ունեցաւ Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Համոնտի հետ։ Ողջունելով իր հայ պաշտօնակիցը՝ Համոնտ կարեւորեց բարձր մակարդակի աշխոյժ շփումներուն շարունակականութիւնը։ Եդուարդ Նալպանտեան նշեց, որ վերջին շրջանին յաճախակի դարձած են բարձր մակարդակի այցելութիւնները, խորհրդարանական շփումները, աշխուժացած են գործարար կարպերը եւ այս բոլորը լաւ նախադրեալներ կը ստեղծեն զանազան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան առաւել ամրապնդման եւ ընդլայնման ուղղութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ Նալպանտեան եւ Համոնտ քննարկեցին զանազան ոլորտներէ ներս երկկողմանի համագործակցութեան ընդլայնման ուղիները։ Անոնք անդրադարձան նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն, համագործակցութեան իրաւական նոր հիմքի ստեղծման ուղղութեամբ ձեռնարկուած աշխատանքներուն։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու նախարարները հանգամանալից կարծիքներ փոխանակեցին Մերձաւոր Արեւելքի առկայ իրավիճակին, Սուրիոյ ճգնաժամին եւ անոր կարգաւորման ուղիներուն, ահաբեկչութեան դէմ ուղղուած միջազգային հանրութեան պայքարին, Իրանի միջուկային ծրագրին շուրջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն եւ անոր վերաբերեալ զարգացումներուն կապակցութեամբ։
Նոյնպէս երէկ, Անգլիոյ Եւրոպայի հարցերով նախարար Տէյվիտ Լիվինկթըն ճաշասեղանով մը մեծարեց Եդուարդ Նալպանտեանը։ Այս առթիւ քննարկման առարկայ դարձան երկկողմանի յարաբերութիւնները, Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութիւնը, Ուքրայնոյ ճգնաժամը, այս վերջնոյն կարգաւորման ուղիները եւ միջազգային շարք մը խնդիրներ։ Զրուցակիցները կանգ առին նաեւ տարածքաշրջանային հակամարտութիւններու կարգաւորման ուղիներուն վրայ։ Նալպանտեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ ձեռնարկուած համատեղ ջանքերը։ Լիվինկթըն արտայայտեց Լոնտոնի աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու գործունէութեան։
Նալպանտեան երէկ Լոնտոնի մէջ հարցազրոյց մըն ալ տուաւ «Պի.Պի.Սի.»ին։