6-7 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻ ԴԷՊՔԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ 60 ՏԱՐԻ ԱՆՑ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԱԾ ՀԱՏՈՐԻՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՄԷՋ
«Իստոս» հրատարակչատան կողմէ հրատարակուած «6-7 Սեպտեմբեր 1955-ը՝ պատրիարքական լուսանկարիչ Տիմիթրիոս Քալումենոսի ոսպնեակէն» հատորը տխուր դէպքերու 60-ամեակի այս օրերուն կ՚արժանանայ յատուկ ուշադրութեան։ Լրագրող Սէրտար Քորուճուի եւ Յունաց պատրիարքարանի լուսանկարիչ Նիքոլայոս Մանկինասի համատեղ աշխատութեամբ հրատարակուած լուսանկարները առիթ կու տան նոր հայեացքով դիտելու անցեալի ողբերգութիւնը եւ տեսնելու ողբերգութեան ահաւորութիւնը։
Նորատիպ հատորին շնորհանդէսը կայացաւ երէկ երեկոյեան, Պէյօղլուի Ս. Աստուածածին յունաց եկեղեցւոյ բակը, ի ներկայութեան Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքի եւ Իսթանպուլի մօտ Յունաստանի աւագ հիւպատոս Էվանկելոս Սեքերիսի։ Այս առթիւ ելոյթներ ունեցան Սէրտար Քորուճու, Նիքոլայոս Մանկինաս, «Իստոս»էն ներկայացուցիչ մը եւ հուսկ՝ Նորին Սրբութիւնը, որ գնահատեց կատարուած աշխատանքը եւ համեմատելով անցեալն ու ներկան՝ զգաստութեան ու խաղաղութեան կոչ ուղղեց։
Սարքուեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը։