ՀԱՄԱԿԱՐԳՄԱՆ ԴՐՈՒԹԻՒՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) աջակցութեամբ Հայաստանի մէջ հաստատուած հրատապ արձագանգման հարթակը պաշտօնական հաւաքոյթով մը ծանօթուեցաւ Երեւանի «Նորք» արհեստագիտութիւններու կեդրոնին մէջ։ Արդիականացեալ այս հարթակը, խորքին մէջ, համակարգման դրութիւն մըն է։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս հարթակը նախատեսուած է՝ մասնաւորապէս աղէտներու եւ արտակարգ վիճակներու պարագային օգտագործման համար, որպէսզի կարիքաւորներուն համար առաւել արդիւնաւէտ կերպով համակարգուի պետական օժանդակութիւն։ Ծրագրի թեքնիք առաւելութիւններէն մին այն է, որ ամենախոցելի խումբերու ներկայացուցիչները հնարաւորութիւն կ՚ունենան սոյն հարթակին միջոցաւ ստանալ անհրաժեշտ աջակցութիւնը, որովհետեւ համակարգը յստակ կը զանազանէ ու կը դասաւորէ կարիքները։