ՄՏԱՒՈՐ ՍՆԱՆԿՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի իշխանական վարչախումբը ծանր վիճակի մէջ յայտնուած է։ Քաղաքացիական պայմանագրի պաշտօնեաները յստակ կը գիտակցին, որ հնարաւոր իշխանափոխութենէն ետք ստիպուած պիտի ըլլան պատասխան տալ բազում հարցերու՝ մասնաւորապէս կապուած Արցախի հայաթափման, Հայաստանի աւելի քան 200 քառակուսի քիլօմեթր տարածքներու յանձնման, խոշոր չափերու հասնող կաշառակերութեան եւ այլ ապօրինութիւններու հետ, որոնց մասին հայկական լրահոսը ամենօրեայ պարբերականութեամբ նիւթեր կը հրապարակէ։ Իշխանութեան կորուստը պետութեան առանցքային բազմաթիւ դէմքերու համար կրնայ վերածուիլ ազատութեան երկարամեայ կորուստի մը, որ զանոնք կը մղէ ամէն գնով իշխանութիւնը պահելու մոլուցքին:
Միւս կողմէ, արտաքին գործընկերները անոնց խորքային փոփոխութիւններ կը պարտադրեն՝ սկսած Հայաստանի մայր օրէնքէն, Անկախութեան հռչակագիրէն եւ վերջացուցած ազգային ինքնութեան ոչնչացման, դասագիրքերու եւ պետական խորհրդանիշներու վերախմբագրման պահանջով:
Ի՞նչ կը նշանակէ այս բոլորը: Նախ եւ առաջ՝ 2020 թուականէն ստեղծուած կարգավիճակի անդառնալիութիւն, որ իր հերթին կ՚ենթադրէ հանրաքուէներ եւ նոր ընտրութիւններ, ինչպէս նաեւ այլընտրանքային քաղաքական միաւորներու յառաջխաղացման դադրեցում:
Այս խնդիրներուն շուրջ իրենց առաջնահերթ ծրագրերը կը կազմեն խուճապի մատնուած իշխանութիւնները՝ մտածելով, որ այս ձեւով կը յաջողին բարձրացնել ՔՊ-ի գահավիժող վարկանիշը:
Այս վճռորոշ օրերուն, Փաշինեան ընտանիքը կը ջանայ ձեռքէն չտալ խայտաբղէտ իրավիճակներ «սարքողի» եւ հանրային խօսոյթ թելադրողի իր մենաշնորհը, բայց կարծես թէ սպառելու վրայ է վարչապետի աթոռը զբաղեցնող անձին ու անոր շրջապատին՝ աժանագին տեսարաններու (հեծանիւ քշել, տոլմա փաթթել, Սեւանի մէջ լողահանդէս եւ այլն) ցուցադրութեամբ հանրութիւնը զուարճացնելու եւ անոր ուշադրութեան կեդրոնը գտնուելու երեւակայութիւնը: Անպտուղ ասուլիսները, առաջին տիկնոջ ճոխ «փարթի»ները նոյնպէս տհաճութիւն պատճառելու չափ տաղտկալի կը դառնան։ Եթէ այս բոլորը՝ որպէս անպէտքութիւն դուրս հանենք, ապա Քաղաքացիական պայմանագրի գրեթէ վեցուկէս տարուան կառավարման «շահը» կը մնայ Արցախի կորուստը, Հայաստանի համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող տարածքներու զիջումը, հազարաւոր զոհերը, անօթեւան մնացած անթիւ-անհամար փախստականներն ու մեր անարգուած ազգային արժանապատուութիւնը: Ասոնք անվերականգնելի կորուստներ են, որոնք պիտի չներուին եւ իշխող ընտանիքը սա շատ լաւ գիտէ, ուստի, մտաւոր սնանկութեան ներկայ պայմաններուն մէջ պատրաստ է ամէն քայլի՝ թուքումուր «ուտելու» գնով թէկուզ նուաստանալու, միայն թէ շարունակէ մնալ հանրային ուշադրութեան տեսադաշտին մէջ, որ նոյնն է իշխանական աթոռին:
Ի հարկէ, խեղկատակութիւններով հանրային խօսոյթ չես ձեւաւորեր, աւելին, նման եղանակով մտաւոր սնանկութիւնը փորձել «ծածկել»՝ կը նշանակէ փրփուրներէն կախուիլ: Մէկ կողմ թողնելով հանրութեան մատուցուող ծամածռութիւններու հակագեղագիտական կողմը, նկատենք, որ մարդկանց որոշ հատուածի համար ատոնք այնքան ալ անտանելի չեն. աւելի շրջահայեացները կը համարեն, որ մեր հիմնական խնդիրը քաղաքական դաշտի դատարկութիւնն է եւ վարչախումբի գոյութեան որպէս ամենավերջին պաշարամիջոցներ մնացեր են հեծանիւ քշելը, լուբիա մաքրելն ու միւս կապկութիւնները:
Քաղաքական կեանքի մէջ պատասխանատու դերի յայտ ներկայացուցած ընդդիմութիւնը լաւ առիթ մը ունի առկայ իրավիճակը հակադրելու լայն հանրութեան համար ընդունելի այնպիսի այլընտրանքով մը, որ թոյլ կու տայ իշխանափոխութիւն իրականացել նախ մարդկանց ուղեղներուն մէջ, ապա՝ զայն նիւթականացնել գետնի վրայ։
Իրական յեղափոխութեան ճանապարհը կ՚անցնի այլընտրանքի միջով, այն, ինչ տեղի չունեցաւ 2018-ին եւ այն, որուն պահանջը հրատապ է այսօր։
Խմբագրական՝ www.acnis.am-ի