ՄԵԾՆ ԱԹԱԹԻՒՐՔԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 85-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԸ
Այսօր բովանդակ Թուրքիան հերթական անգամ կ՚ոգեկոչէ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքը։ Իր մահուան 85-րդ տարելիցին առթիւ ամբողջ երկիրը կը խոնարհի իր անանց յիշատակին առջեւ ու կը վերանորոգէ անոր նկատմամբ անսահման երախտագիտական զգացումները։
10 Նոյեմբերի ոգեկոչումը այս տարի բացառիկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ Հանրապետութեան հիմնադիրը կ՚ոգեկոչուի Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի յոբելենական շրջանին։ Երբ Հանրապետութեան դարադարձը բացառիկ մթնոլորտի մը ծնունդ տուած է երկրին մէջ, ի շարունակութիւն բովանդակ Թուրքիա կը վերանորոգէ իր վճռակամութիւնը հաւատարիմ մնալու համար Մեծն Աթաթիւրքի թողած աւանդին եւ հետեւելու համար անոր սկզբունքներուն, որոնք գրաւականը կը հանդիսանան երկրի միասնականութեան, ամբողջականութեան ու վերելքին։