ԴՐԱԿԱՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալեց Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Եորկոս Երափեթրիտիսը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Զրոյցի ընթացքին վարչապետը նշեց, որ Հայաստան մեծապէս կը կարեւորէ Յունաստանի հետ յարաբերութիւններու խորացումը։ Իր կարգին, հիւր նախարարն ալ յայտնեց, որ Աթէնքի ղեկավարութիւնը պատրաստ է հնարաւոր բոլոր ուղղութիւններով Երեւանին սատարելու։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կարծիքներ փոխանակուեցան նաեւ Հարաւային Կովկասի գործընթացներուն շուրջ՝ ներառեալ Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրին վերաբերեալ բանակցութիւնները։ Կողմերը շօշափեցին նաեւ Արցախի ժողովուրդին դէմ Ատրպէյճանի էթնիք զտման քաղաքականութեան հետեւանքով բռնի տեղահանեալներու հարցերու լուծման համար Հայաստանի կառավարութեան քայլերը։ Այս առումով կարեւորուեցաւ միջազգային հանրութեան աջակցութիւնը։
Հարկ է նշել, որ Երափեթրիտիս Երեւանի մէջ տեղեկացուց, որ Աթէնքի ղեկավարութիւնը օժանդակութիւն պիտի ցուցաբերէ՝ տեղահանեալներու խնդիրներու յաղթահարման նպաստելու նպատակով։ Ան աջակցութիւն յայտնեց նաեւ՝ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին ի նպաստ։
Օրուան տեւողութեան Երափեթրիտիս ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի կողմէ։ Բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին, երկկողմանի յարաբերութիւններուն զուգահեռ շօշափուեցան Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները։