ՊԵՐԼԻՆ ԿԸ ՁԳՏԻ ԵՐԵՒԱՆԸ ՆԵՐՔԱՇԵԼ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻ ՀԱԿԱՌՈՒՍ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ կուտակուած տարաձայնութիւնները արդէն այնպիսի համեմատութիւններու հասած են, որ միջազգային դերակատարները հաշուարկներ կ՚ընեն ըստ այդմ դիրքաւորուելու համար։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ են Հայաստանի մէջ տեղակայուած ռուսական ռազմակայանն ու ռուս սահմանապահները։ ԹԱՍՍ ռուսական գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Գերմանիա շահագրգռուած է Հայաստանի տարածքէն ռուս սահմանապահներու շուտափոյթ հեռացմամբ եւ ելմտական աջակցութիւն կ՚առաջարկէ՝ հակառուսական շարք մը քայլերու համար։ Հայկական լրահոսին մէջ արձագանգ գտած են այս հաղորդումները, որոնց մէջ մատնանշուած է, թէ ռուսական գործակալութիւնը յղում կը կատարէ սեփական աղբիւրին։

«Գերմանիա կը ձգտի Հայաստանը ներքաշել Արեւմուտքի հակառուսական քաղաքականութեան։ Պերլինի խնդիրն է հնարաւորինս գժտեցնել Երեւանն ու Մոսկուան։ Գերմանացիները շահագրգռուած են հայկական տարածքէն ռուս սահմանապահներու հնարաւորինս շուտափոյթ դուրսբերմամբ եւ Ռուսաստանի նկատմամբ բարեացակամ տրամադրուած անձերու պետական վարչամեքենայէն մաքրագործմամբ՝ ներառեալ զինեալ ուժերը, յատուկ ծառայութիւններն ու իրաւապահ մարմինները», նշած է գործակալութեան անյայտ զրուցակիցը։

Այս բոլորին փոխարէն Պերլին կ՚առաջարկէ Երեւանին ելմտատնտեսական աջակցութիւն ցուցաբերել, ինչպէս նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան աջակցիլ, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղէն դուրս եկած հայերը զանգուածայնաբար չգաղթեն դէպի Եւրոմիութեան երկիրներ։

Հինգշաբթի, Յունուար 11, 2024