ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ ՀԱՍԱՒ ԹՈՒՐՔԻԱ՝ ՑԱՄԱՔԱՅԻՆ ՓԱԿ ՍԱՀՄԱՆԷՆ
Հայաստան կը շարունակէ զօրակցիլ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ՝ երկրաշարժով պայմանաւորուած ծանր իրավիճակի ողբերգական կացութեան ներքեւ։ Այսօր Հայաստան մարդասիրական օժանդակութիւն ուղարկեց Թուրքիա։ Այս կապակցութեամբ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները պաշտօնական տեղեկութիւններ հաղորդեցին այս առաւօտ՝ կցելով նաեւ տեսանիւթեր։ Մարդասիրական օժանդակութիւնը կրող բեռնատարերը Հայաստանէն ուղղակի մուտք գործած են Թուրքիա՝ հատելով ցամաքային փակ սահմանը։ Հայկական բեռնատարերը Մարքարայի կամուրջէն անցնելով ուղղուած են դէպի աղէտի գօտի։
Հարկ է նշել, որ վերջին անգամ Թուրքիա-Հայաստան փակ ցամաքային սահմանը բեռնատարեր հատած էին երեսուն տարի առաջ՝ 1993 թուականին։ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան եւ նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակեցին տեսանիւթեր, որոնք կը ցոլացնեն, թէ բեռնատար մեքենան ինչպէս կ՚անցնի Մարքարայի կամուրջը։
Հարկ է յիշեցնել, որ կառավարութեան կարգադրութեամբ Հայաստանէն փրկարարներու խումբ մըն ալ արդէն օժանդակութեան փութացած է Թուրքիա եւ գործի լծուած՝ աղէտի գօտիէն ներս։ Հայ փրկարարներու՝ շուրջ 30 հոգիէ բաղկացեալ խումբը աշխատանք կը տանի Ատըեամանի շրջանին մէջ։