10 ՔԱՂԱՔԻ ՄԷՋ ՇՈՒՐՋ 13 ՄԻԼԻՈՆ ՄԱՐԴՈՒ ԿԵԱՆՔԸ ՀՈՒՆԷ ԴՈՒՐՍ ԵԿԱՒ

Թուրքիա կը շարունակէ մնալ երկրաշարժին պատճառած ահաւոր ցնցման ազդեցութեան տակ։ Ամբողջ երկրին ուշադրութիւնը կեդրոնացած է աղէտի գօտիէն հասած տուեալներուն վրայ։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու վերջին տուեալներուն, զոհերու թիւը, դժբախտաբար, 20 հազարի սահմանը գերազանցած է։ Վիրաւորներու թիւն ալ 80 հազարէ աւելի է։ Միակ մխիթարութիւնը այն է, որ աւելի քան 80 հազար հոգի ալ փլատակներու տակէն դուրս բերել կարելի եղած է։

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կը շարունակէ մնալ աղէտի գօտիին մէջ։ Ան կ՚այցելէ տեղէ տեղ՝ տեղւոյն վրայ ծանօթանալով կատարուած աշխատանքներուն։ Նախագահ Էրտողան երէկ յայտնեց, որ պէտք է պահել միասնականութիւն եւ երկրի քաղաքացիները պէտք է վստահին պետութեան։ Իր խօսքով, հակառակ շարժման անցուած հսկայական միջոցներուն՝ փրկարարական աշխատանքները բաղձալի արագութենէ հեռու կը մնան։

Այս պահու դրութեամբ, շուրջ 1 միլիոն 500 աղէտեալ քաղաքացի տեղակայուած է ժամանակաւոր կացավայրերու մէջ։ Աղէտի գօտիէն ներս անընդհատ կ՚աշխատի՝ 144 հազար առողջապահական մասնագէտէ բաղկացեալ հսկայ բանակ մը։ 30 հազարէ աւելի փրկարար տեղւոյն վրայ գործի լծուած է։ Այս բոլորին վրայ կու գան աւելնալ Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ գործադրուած ջանքերը եւ աշխարհի բազմատասնեակ երկիրներէն փութացուած աջակցութիւնները։

Աղէտի գօտիի 10 քաղաքներէն ներս մօտաւորապէս 13 միլիոն հոգի անմիջականօրէն ազդուած է երկրաշարժի ծանր հետեւանքներէն։ Բուն երկրաշարժէն ի վեր արդէն արձանագրուած է աւելի քան 1500 յետցնցում։ Աղէտի գօտիի արտասովոր իրավիճակը հաշուի առնելով՝ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը երէկ զգուշացումներով հանդէս եկաւ հաւանական համաճարակի դէմ։

Ազգային մեծ ժողովն ալ երէկ վաւերացուց նախագահ Էրտողանի հրամանագիրը, որով կը նախատեսուի աղէտի գօտիէն ներս արտակարգ դրութիւն հաստատել։ Այսպէսով կը նախատեսուի բարձրացնել աշխատանքներուն արդիւնաւէտութիւնը։ 

Շաբաթ, Փետրուար 11, 2023