ԶԱՐԱՔՈԼՈՒ ԵՒ ԱՔՉԱՄ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻ ՄԸ
Փարիզի մէջ, Մարտի 25-28-ին տեղի պիտի ունենայ հայկական հարցին վերաբերեալ գիտաժողով մը՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի հովանաւորութեան ներքեւ։ «Հայոց ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ. 1915-2015 հետազօտութեան հարիւր տարի» խորագրուած է այս գիտաժողովը, որու շրջագծով նախատեսուած աշխատանքը պիտի տեւէ չորս օր։
Սորպոնի համալսարանի երդիքին տակ պիտի կատարուի գիտաժողովի բացումը, որու ընթացքին Ֆրանսուա Օլանտի պատգամը պիտի փոխանցէ Ֆրանսայի ազգային կրթութեան նախարարը։ Յաջորդելիք քննարկումները նախատեսուած են զանազան վայրերու մէջ. օրինակ՝ Ֆրանսայի Ազգային գրադարանը, Փարիզի Հրէից ցեղասպանութեան թանգարանը եւայլն։
Ծրագրին շրջագծով ելոյթներ պիտի ունենան բազմաթիւ պատմաբաններ, մասնագէտներ եւ ցեղասպանագէտներ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, գիտաժողովին մասնակցութիւն պիտի բերեն նաեւ Ռակըփ Զարաքոլու եւ Թանէր Աքչամ։