ՅՈՎԻԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԱԾ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՔԱԹԱՐ

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան այ­սօր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ դէ­պի Քուէյթ։ Աբ­րա­հա­մեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը հան­դի­պում­ներ կ՚ու­նե­նայ Քուէյ­թի պե­տու­թեան Է­միր Սա­պահ Էլ Ահ­մէտ Էլ Ճա­պէր Էլ Սա­պա­հի, Խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Մար­զուք Էլ Ղա­նի­նի, Վար­չա­պետ Ճա­պէր Էլ Մու­պա­րէք Էլ Հա­միտ Էլ Սա­պա­հի հետ։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան հան­դի­պում­ներ կ՚ու­նե­նայ նաեւ Քուէյ­թի Ներդ­րու­մա­յին գոր­ծա­կա­լու­թեան, Ա­ռեւտ­րաար­դիւ­նա­բե­րա­կան պա­լա­տի եւ Քուէյ­թի Հիմ­նար­կի ղե­կա­վա­րու­թեան հետ։ Իր կե­ցու­թեան օ­րե­րուն Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան կը մէկ­տե­ղուի նաեւ տեղ­ւոյն հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ 

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2015