ԱՇԽԱՐՀԻՆ Ո՞Ր ՊԱՏՈՒՀԱՆԷՆ ԿԸ ՆԱՅԻ ԻՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՀԱՍԱՆ ՌՈՒՀԱՆԻ
Անցեալ 26 Փետրուարին Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւնները սպասելի էին իրենց արդիւնքներով: Սակայն ոչ ոք կը մտածէր, թէ երկրի նախագահին շուրջ բոլորուած ուժերը պիտի յաջողէին շռնդալից յաղթանակ մը գրանցել մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ գրաւելով բոլոր երեսուն աթոռները: Այս ընտրութիւնները, որոնք տասներորդ էին Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հիմնադրումէն ի վեր (1979), կ՚անցնէին խաղաղ պայմաններու մէջ եւ անոնց արդիւնքով նախագահի հովանաւորութեամբ ընտրութեանց մասնակցած «Չափաւորականութիւն եւ բարեկարգում» խմբակը կը գրաւէր խորհրդարանի 290 աթոռներէն 83-ը, պահպանողականներուն ձգելով 64 աթոռ: Նշենք, որ ընտրութիւններու յաջորդ փուլը պիտի կայացուի յառաջիկայ Ապրիլին այն քաղաքներուն մէջ, ուր թեկնածուները չեն յաջողած ապահովել ընտրութեան համար անհրաժեշտ քուէները: Ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք «Ալ Ճազիրա» կայանի վերլուծաբան՝ Մուհամմէտ Ալ Պաքքալի Twitter-ի վրայ գրառում մը ընելով կը գրէր. «Գաղտնիք չէ, որ Իրանի մէջ Թեհրանի աթոռներու տիրապետող կողմը կրնայ տիրապետել երկրի խորհրդարանին»: Կարեւոր է նաեւ նկատել, որ Իրանի նախագահը համոզիչ յաղթանակ մը տանելով անդամ կը դառնար «մասնագէտներու խորհուրդ»ին մէջ եւ 33 առ հարիւր քուէներով համոզիչ յաղթանակ կը տանէր 22 առ հարիւր քուէներ ստացած Շէյխ Ժալիլիին դէմ: Ընտրութիւններուն հետեւող դէտերուն համար «Քոմ»ի մէջ իրականացուած Ռուհանիի այս յաղթանակը կը համարուի շրջադարձ, տրուած ըլլալով, որ իր կրօնական կարեւոր դիրքով այդ քաղաքը կը համարուի շիիներու հիմնական քաղաքը: Այս առիթով նաեւ կը խօսուէր, թէ վերջին տարիներուն ընթացքին ամբողջ շիի աշխարհին համար կրօնաւոր պատրաստող «Քոմ» քաղաքը նոյնպէս բարեփոխումներու հանգրուան մը կ՚ապրի: Գաղտնիք չէ, որ Իրանի մէջ գրանցուած արդիւնքները հետեւանք են երկրի ղեկը ստանձած Ռուհանիի վարած ձեռնհաս եւ ճարտար քաղաքականութեան: Տարածքաշրջանին մէջ հիմնական ներուժ ունեցող մէկէ աւելի պետութիւններ տարբեր առիթներով խօսած են Իրանի ժխտական դերին մասին: Այդ երկիրներուն մէջ յառաջատար դիրքը կը գրաւէ Իսրայէլը, որուն վարչապետը տարբեր առիթներով նոյնիսկ պատրաստակամութիւն յայտնած էր հարուածել Իրանի կորիզային հիմնական կայանները: Անշուշտ, որ այս խօսակցութիւնները տեղի կ՚ունենային Սուրիոյ տագնապէն առաջ: Ու իր ունեցած ելոյթներուն ընթացքին Վարչապետ Նեթանիյահու ձեռքերը օդին մէջ ճօճելով կը փորձէր Արեւմուտքը համոզել, որ Իրան մեծագոյն չարիք էր ո՛չ միայն շրջանին, այլ ամբողջ աշխարհին համար: Եւրոպական համայնքը վերջին տասը տարիներուն ընթացքին, այսինքն Հաթեմիի նստաշրջանին աւարտէն ու Ահմէտինեճատի նախագահական նստաշրջանէն սկսեալ (3, Օգոստոս 2005) ծանր պատժամիջոցներ դրաւ Իրանին վրայ: Իր կարգին, արեւմտեան մամուլի իշխանական ներկայացուցիչները առիթ չփախցուցին «սատանայացնելու» Իրանը, Թեհրանը նկատելով ահաբեկչական խմբաւորումներու գլխաւոր պատուիրատու եւ նեցուկ: Եւրոպական ընտանիքի դիտարկումը բնականաբար կապուած էր Իսրայէլի դժգոհութիւններուն հետ: Մասնաւորապէս, որ Էհուտ Օլմերթի (կաշառակերութեան մեղադրանքով բանտարկուած) առաջնորդութեամբ Իսրայէլը ծանր հարուած կը կրէր 2006-ին Լիբանանի դէմ իր շղթայազերծած պատերազմի աւարտին: Անկէ ետք էր, որ Իսրայէլի համար թիւ մէկ թիրախը կը դառնար ոչ միայն լիբանանեան «Հիզպուլլահ»ը, այլ յատկապէս շիի այդ կազմակերպութեան հիմնական նեցուկ հանդիսացող եւ այն օրերուն ծայրայեղական դիրքերով հանդէս եկող Մահմուտ Ահմէտինեճատի Իրանը:
2013-ին էր, երբ նկատառելի ու «անսպասելի» քաղաքական պոռթկումով մը, իշխանութեան գլուխ կը հասնէր Իրանի գործող նախագահը Շէյխ Հասան Ռուհանին, որուն դրական կերպարը կ՚օգնէր, որ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ ամպարկոյի եւ տնտեսական ծանր պատժամիջոցներու տակ եղող անհանգիստ Իրանը յոյսի շունչ մը քաշէ: Այդ հանգրուանէն ետք է նաեւ, որ Իրան շատ խաղաղ ու հաստատակամ քայլերով յաջողութեամբ կը պսակէր Իրան-5+1 կորիզային բանակցութիւններուն, եւ նոյն համաձայնութեան շնորհիւ, շիի աշխարհին յառաջատար երկիրը կը մտնէր մասնաւորապէս տնտեսական, բայց նաեւ խորքին մէջ քաղաքական նոր փուլ մը:
Ռուհանիի մասին խօսելով պէտք է նշմարել, որ հանդարտաբարոյ ու խաղաղ ժպիտով այս առաջնորդը կը պատկանի մօտիկ անցեալին երկրին ղեկավարութիւնը ստանձնած Մուհամմէտ Հաթեմիի քաղաքական դպրոցին: Ռուհանի իր իշխանութեան առաջին օրէն մինչեւ Արեւմուտքին հետ կորիզային համաձայնութեան կնքումը լուռ եւ բաւական ծանր ընդհանրումներ ունեցաւ՝ երկրի գլխաւոր հոգեւոր առաջնորդ Ալի Համանէյին հետ: Ու հակառակ վերջինիս կողմէ մերթ ընդ մերթ լսելի դարձած մարտաշունչ յայտարարութիւններուն, շարունակեց անդրդուելի խաղաղութեամբ ղեկավարել երկրի մանաւանդ արտաքին քաղաքականութիւնը: Այստեղ պէտք է շեշտադրել, որ Ռուհանիի կատարած բարեկարգումները եւ վերջին ընտրութիւններուն ունեցած փայլուն յաջողութիւնը արտաքին ճակատին վրայ գրանցուած յառաջընթացին բնական շարունակութիւնն են: Քիչ չէ թիւը այն վերլուծաբաններուն, որոնց կարծիքով Նախագահ Ռուհանիի յաջորդ հիմնական թիրախը պիտի ըլլայ երկրին մէջ մեծագոյն վարկ ունեցող «Մասնագէտներու խորհուրդ»ին մէջ կարեւոր փոփոխութիւններ կատարելը: Ու շատ հաւանական է, որ անոր երկու հիմնական դաշնակիցները՝ Հաշիմի Ռաֆսանճանին եւ Մուհամմէտ Հաթեմին փորձեն ղեկավարել այդ մարմինը: Բացի անկէ, որ Ալի Համանէյ առողջական լուրջ խնդիրներ ունի, երեւելի է նաեւ, որ Իրանի մէջ հրապարակ ելած «բարենորոգչական» շարժումը մտադիր է «ներքին եղափոխութիւն» մը ընելով վերանորոգել քաղաքական կեանքը եւ ծանր հարուած տալ «Իրանի յեղափոխութեան պահակներ»ուն: Սակայն երեւելի է նաեւ, որ այս ընդհանուր պարունակին մէջ առնուելիք բոլոր քայլերը պէտք է ըլլան հանդարտ ու անցնցում շարժումներով: Այսօր Իրանին համար հիմնական տնտեսական նոր շուկաներու գրաւումն ու երկրի զարգացման համար ըլլալիք կարեւոր բարենորոգումներուն դիմաց ճանապարհ բանալը: Իրանցիին համար այսօր Իսրայէլի դէմ պայքարը առաջուան առաջնահերթութիւնը չունի ու ասոր համար է, որ Ռուհանի, որ հանդէս կու գայ չափաւորական կեցուածքներով, իրանցի քաղաքացիին հետ կը խօսի ո՛չ թէ Թէլ Աւիւը աւերելու ընտրանքով, այլ Թեհրանի մէջ կեանքը աւելի բարւոք դարձնելու առաջադրանքներով:
Այս ընդհանուր պատկերին մէջ Իրանի ղեկավարութեան համար ամենէն կարեւոր օրակարգը պիտի ըլլայ սիւննի աշխարհին հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման խնդիրը: Ու բնականաբար յառաջիկայ Ապրիլին կայացուելիք խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք է միայն, որ Ռուհանի եւ իր գաղափարակիցները սկսին մտածել այդ ուղղութեամբ:
Շիի-սիւննի լարուածութիւնը այսօր հասած է իր գագաթնակէտին ու տարբեր երկիրներու մէջ այդ հակամարտութիւնը արդէն իսկ վերածուած է արիւնալի բախումներու: Մասնաւորապէս Եէմէնի մէջ կատարուող գործընթացները լաւագոյն ապացոյցն են այս մօտեցումին: Ու եթէ այսօր սիւննի-շիի ընդհանուր լարուածութիւնը այս հունով շարունակուի, գաղտնիք չէ, որ յառաջիկայ հանգրուանին զինուորական բախումներու նոր դաշտեր երեւելի պիտի դառնան: Եէմէնի պատերազմը ցոյց տուաւ, որ Իրան անպարտելի է այդ շրջանին մէջ: Ու նաեւ փաստեց, որ Արաբական ծոցի երկիրները ու մասնաւորապէս Սէուտական Արաբիան շիի ռազմիկներուն դէմ կռուելու բաւարար ներուժ չունին: Նման ներուժ չունենալու առընթեր, սէուտցիք անպայման պէտք է խորհին քաղաքական լուծումներու մասին: Սակայն անոնք ցարդ չեն հասկցած, որ շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման հիմնական գրաւականը Ռուհանիի Իրանն է: Դէպի Մոսկուա վազելու եւ թելադրանքները «վերէն» ստանալու Ապտըլ Ազիզ իշխող ընտանիքի փութկոտութիւնը աւելիով կրնայ սեւցնել, առանց ատոր ալ արեան կիրճերու վերածուած Մերձաւոր Արեւելքը: Այս առումով սիւննիներուն համար եւս ցանկալի է, որ Ռուհանի ըլլայ նախաձեռնութիւն ստանձնող ուժը: Սակայն այս խօսակցութիւնները իրական հուն կրնան մտնել միայն յառաջիկայ Ապրիլին կայացուելիք ընտրութիւններու փուլէն ետք, երբ 290 անդամ հաշուող խորհրդարանը, որուն 147 անդամները արդէն իսկ ընտրուած են, պիտի համալրուի նոր 143 անդամներով: Ատկէ ետք է միայն, որ Մայիս 2016-էն մինչեւ 2020 թուականի Մայիսը պաշտօնավարող խորհրդարանին մէջ Ռուհանի պիտի փորձէ ստեղծել այնպիսի համակարգ մը, ուր իր քաղաքական հայեացքները եւ առաջադրանքները սահուն կերպով պիտի վաւերացուին: Ու յառաջիկայ ամիսները կարեւոր են այս առումով: Արդեօք Իրանի նախագահը պիտի կարողանա՞յ վերջ մը տալ շրջանին մէջ տիրող ընդհանուր լարուածութեան եւ ոչ-խորքային զիջումներ ընելով յաջողի դառնալ ոչ միայն տարածքաշրջանի, այլ ամբողջ իսլամական աշխարհի իրական առաջնորդ:
Հազարաւոր տարիներու պետական մտածողութեան կրողը եղող պարսիկ գործիչներուն համար ճատրակի մտածուած քայլեր ընելու ունակութիւնը ոչ միայն շնորհ է, այլ կրօնական եւ ազգային պարտաւորութիւն:
Ռուհանի այդ պատուհանէն կը նայի աշխարհին եւ ապահովաբար անոր յառաջիկայ քայլերը պիտի յենուն պատմական փորձառութեան մը վրայ, Իրանը վերածելով շրջանին մէջ ոչ միայն կարեւորագոյն խաղացողի մը, այլ յառաջիկայ ամեակներուն տարածքաշրջանին ապահովութիւն եւ բարգաւաճում բերող հզօր տէրութեան մը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան