ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ…
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը ներկայիս մեծ ծրագրի մը ձեռնամուխ եղած է մեր ընկերամշակութային կեանքին տեսակէտէ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, յառաջիկայ ամիս «Մարալ»ի նախաձեռնութեամբ քաղաքս պիտի այցելէ Հայաստանի Պարի պետական անսամպլը։ Այս ծրագրին սկզբնական արձագանգն իսկ խանդավառած է մեր գեղարուեստասէր շրջանակները, որոնք այժմէն անհամբեր սպասումի մը մէջ են։ Մինչ այդ, արդէն աստիճանաբար կը յստականան բոլոր մանրամասնութիւնները եւ պաշտօնապէս տրուած է գործնական հանգրուանին մեկնարկը։
«Մարալ»ի գեղարուեստական ղեկավար ու գլխաւոր պարուսոյց Կարպիս Չափքան վերջին օրերուն այցելեց Երեւան, ուր ունեցած շփումները վերջնականօրէն գործնական հարթութեան վրայ դրին՝ Պարի պետական անսամպլը Իսթանպուլ հրաւիրելու նախաձեռնութիւնը։ Պարի պետականի եւ «Մարալ»ի պատասխանատուներուն միջեւ ստորագրուեցաւ յուշագիր մը, որու հիման վրայ պիտի շարունակուի գործընթացը։ Երեւանէ վերադարձին Կարպիս Չափքան երէկ այցելեց խմբագրատունս, ուր մեզի տեղեկութիւններ փոխանցեց վերջին զարգացումներուն շուրջ։ Հաճելի զրոյցի սկիզբին ան երախտագիտութեամբ ընդգծեց, որ այս վիթխարի ծրագրին հովանաւորութիւնը ստանձնած է համայնքային յայտնի բարերար Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլը, որ պատրաստակամ գտնուած է ստանձնելու համար անհրաժեշտ բոլոր ծախսերը։ Աւելորդ է ըսել, որ մեծածախս ծրագիր մըն է այս մէկը, իսկ Երկանեան ամոլը երկար տարիներէ ի վեր հետեւողականօրէն նման աշխատանքներ կը խրախուսէ մեր իրականութեան մօտ։ Կարպիս Չափքան մեզի յայտնեց, որ իրենք խորապէս շնորհապարտ կը զգան հովանաւոր Երկանեան ամոլին։
Երեւան վերջին այցելութեան ժամանակ Կարպիս Չափքան Պարի պետականի պատասխանատուներուն հետ ծաւալած է արդիւնաւէտ աշխատանք։ Թէ՛ վարչական եւ թէ գեղարուեստական առումով յստակեցուած են բոլոր մանրամասնութիւնները։ Չափքան մասնակցած է նաեւ Պարի պետականի վերջին փորձերուն։ Երէկուան մեր զրոյցին ընթացքին Չափքան տեղեկացուց, թէ Ապրիլի 25-ին Պարի պետականը պիտի ժամանէ Իսթանպուլ։ 28 Ապրիլին նախատեսուած է ելոյթը՝ Հարպիյէի մէջ, Իսթանպուլի համագումարներու կեդրոնի երդիքին տակ։ Ճամբորդութենէն սկսեալ մինչեւ իջեւանումը՝ անհրաժեշտ բոլոր կարգադրութիւնները արդէն կատարուած են այս մեծ նախագծին համար։ Դահլիճի ապահովման ուղղութեամբ աջակցութիւն ցուցաբերած է Շիշլիի քաղաքապետարանը եւ այս շրջագծով Վազգէն Պարընն ալ ունեցած է իր դերակատարութիւնը։ Հիւր անսամպլը 55 հոգիէ բաղկացեալ կազմով մը պիտի գայ քաղաքս։ 36 պարողներ, 14 հոգի նուագախումբ, օգնականներ եւ գեղարուեստական ղեկավարները։
Կարպիս Չափքան մեզի յայտնեց, թէ «Մարալ»ի ընտանիքին մօտ ստեղծուած է մեծ խանդավառութիւն, զուգահեռաբար նաեւ՝ զօրաշարժ մը։ Համոյթը կը գիտակցի Պարի պետականին հետ նոյն բեմը բաժնելու ծանր պատասխանատուութիւնը եւ ըստ այդմ յառաջ կը տանի նախապատրաստութիւնները։ Խտացեալ աշխատանքի շրջան մըն է իրենց համար։ Կարգադիր յանձնախումն ալ, իր հերթին, կազմակերպչական աշխատանքները թափով յառաջ կը տանի՝ Սելմա Իսքենտերէօզի գլխաւորութեամբ։ Չափքան շնորհակալութեան անկեղծ զգացումներով ընդգծեց նաեւ այս կազմի ստանձնած դերակատարութեան նախախնամական նշանակութիւնը։
Պարի պետականը վերջին անգամ Իսթանպուլ այցելած էր 2006 թուականին դարձեալ «Մարալ»ի հրաւէրով։ Տասը տարի անձ համոյթը վերստին նոյն հնարաւորութիւնը կ՚ընձեռէ մեր համայնքին համար։ Չափքան վստահութիւն յայտնեց, թէ այս անգամ եւս ամէն ինչ կ՚ընթանայ լաւ ու ծրագիրը կը պսակուի փայլուն յաջողութեամբ՝ հերթական անմոռանալի յուշը դառնալով գեղարուեստասէրներու յիշողութեան մէջ։ Ան այդ յաջողութեան հիմնական գրաւականը կը համարէ այժմէն ստեղծուած աննախընթաց հետաքրքրութեան մթնոլորտը։
Երէկուան այցելութեան ընթացքին Կարպիս Չափքանին ընկերացան՝ Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան եւ «Մարալ»ի պարուսոյց Իրիս Չափքան։
«Մարալ»ի ընտանիքը ամառնամուտի նուէր մը նախատեսած է մեր գեղարուեստասէրներուն համար, որոնք այդ առիթը պիտի վայելեն լիուլի։