Երկուշաբթի 24, Փետրուար 2025
ՄԱՆԹԱՇԵԱՆԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ
Երեւանի մէջ վերջերս ոգեկուչուեցաւ հայ մեծանուն բարերար, մեկենաս ու ճարտարարուեստագէտ Ալեքսանտր Մանթաշեանց (1842-1911)։
Երեւանի կեդրոնին վերջին տարիներուն զետեղուած է Ալեքսանտր Մանթաշեանցի արձանը։ Այդ արձանը տեղադրուած է եւ կը գտնուի մայրաքաղաքի Ս. Աննա եկեղեցւոյ անմիջական հարեւանութեամբ։ Ուստի, այդ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնով մը ոգեկոչուեցաւ Ալեքսանտր Մանթաշեանց։
Նոյն առթիւ, մեծանուն բարերարի արձանին մօտ թողուեցան ծաղիկներ։ Յարգանքի տուրք մատուցելու համար այցելութեան փութացածներու շարքին էր նաեւ Հայաստանի Արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութեան նախագահ Արսէն Ղազարեան։
Ուրբաթ, Մարտ 11, 2016