Երկուշաբթի 24, Փետրուար 2025
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ՓՈԽ-ՆԱԽԱՐԱՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ
Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով՝ Ռոպէրթ Յարութիւնեան նշանակուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ։ Նախագահ Սարգսեան վերջերս հրամանագիր մը ստորագրելով սահմանած էր նոր կարգ մը՝ Հայաստանի կառավարութեան եւ անոր ենթակայ պետական կառավարման այլ մարմիններու գործունէութեան կազմակերպման կարգին շուրջ։ Ուստի, նորանշանակ փոխ-նախարարը պատասխանատու պիտի ըլլայ այս ուղղութեամբ։ Նոր սահմանուած կարգով կ՚ենթադրուի թափ տալ միջազգային տնտեսական համագործակցութեան։
Ուրբաթ, Մարտ 11, 2016