ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԿԱՊԵՐ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Մոսկուայի մէջ ընդունուեցաւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Ռազմավարական գործընկեր երկու պետութիւններու ղեկավարները այս առթիւ քննարկեցին իրենց համատեղ օրակարգի հարցերու լայն շրջանակը։ Այս ամբողջին մէջ առաջնահերթօրէն շօշափուեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Քրեմլինի պալատին մէջ կայացած տեսակցութեան ընթացքին Վլատիմիր Փութին գոհունակութիւն յայտնեց հայ-ռուսական յարաբերութիւններու յաջող զարգացման առընչութեամբ։ Իր խօսքով, անկասկած պէտք է զարգանայ կողմերու համագործակցութեան տնտեսական երեսակը։ Նկատի ունենալով, որ Հայաստան ներկայիս Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան շրջանային նախագահ երկիրն է՝ Փութին այդ ոլորտի քննարկումները կարեւորեց նաեւ այդ հանգամանքին տեսանկիւնէն։
Իր կարգին, Սերժ Սարգսեանն ալ դրական գնահատական մը տուաւ երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքին կապակցութեամբ։ Ան ըսաւ, թէ Սուրիոյ հարցին շուրջ Հայաստան կ՚աջակցի Ռուսաստանի դիրքորոշման։ Ան միեւնոյն ժամանակ ողջունեց նոյն հարցով Ռուսաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու պայմանաւորուածութիւններն ու գործակցութիւնը։
Նախագահները ծանրացան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլին, առկայ խնդիրներուն եւ յառաջընթացի հնարաւորութիւններուն վրայ։ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս հարցին շուրջ ռուսական կողմին եւ անձամբ Փութինին կողմէ գործադրուած ջանքերուն համար։ Ան ընդգծեց, որ Հայաստան հաւատարիմ կը մնայ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման։
Բաց աստի, երէկ Մոսկուայի մէջ տեսակցեցան նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով, որոնք կարծիքի փոխանակումներ ունեցան՝ միջազգային կամ տարածքաշրջանային հրատապ խնդիրներուն շուրջ։ Անոնք ստորագրեցին նաեւ երկու Արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ 2016-2017 թուականներու խորհրդատուութիւններու ծրագիրը։
Դէպի Մոսկուա աշխատանքային այցելութեան շրջագծով, Սերժ Սարգսեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ճատրակի կարեւոր միջազգային մրցաշարքի մը բացման։ Հարկ է նշել, որ այդ մրցաշարքին կը մասնակցի նաեւ Լեւոն Արոնեան։
Միւս կողմէ, երէկ Մոսկուայի մէջ բացուեցաւ «Հայաստան. գոյատեւման առասպելը» խորագրեալ ցուցահանդէսը։ Ռուսաստանի Պատմութեան թանգարանի երդիքին տակ կազմակերպուած ցուցահանդէսը բացին երկու երկիրներու մշակոյթի նախարարները՝ Յասմիկ Պօղոսեան եւ Վլատիմիր Մետինսքի։ Նախապէս յայտարարուած էր, որ այս ցուցահանդէսը պիտի բացուէր նախագահներուն մասնակցութեամբ, սակայն երէկ արդէն այդ ծրագիրը ենթարկուեցաւ փոփոխութեան։