ՎԱՂՈՒՑ ՅԱՅՏՆԻ ՄԵՂԱԴՐԱՆՔՆԵՐ
Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը չի կարգաւորուիր Հայաստանի ապակառուցողական քաղաքականութեան հետեւանքով։
Պաքուի 4-րդ Կլոպալ ֆորումի բացման ունեցած ելոյթին ընթացքին Իլհամ Ալիեւ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Ըստ իրեն, հարցը տակաւին չէ լուծուած Հայաստանի ապակառուցողական դիրքորոշման պատճառով, իսկ երբ որ լուծուի՝ մէկ միլիոն փախստական տուն պիտի վերադառնայ, խաղաղութիւն պիտի հաստատուի տարածքաշրջանէն ներս։ Ալիեւի խօսքերով, Լեռնային Ղարաբաղ պատմական մասն է Ատրպէյճանի, իսկ Հայաստան շարունակելով անոր բռնագրաւումը՝ ինքզինք կը դնէ առաւել մեկուսացած վիճակի մէջ։ Ազէրի ղեկավարը հերթական անգամ պնդեց նաեւ, որ Հայաստան այս հարցի պարագային չի գործադրեր ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի որոշումները։ Ալիեւի բանաձեւումով, հարցի կարգաւորման գործընթացէն ներս յառաջընթացի բացակայութիւնը կ՚ապացուցանէ, որ Հայաստան չ՚ուզեր խաղաղութիւն։
Հաւաքոյթի ընթացքին Իլհամ Ալիեւ կանգ առաւ նաեւ գաղթականաց հարցին վրայ, որ առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնէ միջազգային օրակարգը։ Ան յայտնեց, որ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Եւրոպայի հեռաւորութիւնը այդքան ալ մեծ չէ եղեր։ Այլապէս, եթէ նոյնիսկ ըլլայ, ապա անկարելի է արգիլել այն մարդիկ, որոնք կը գաղթեն իրենց երկրի բախումներուն հետեւանքով՝ իրենց ընտանիքը պահելու համար։
Ալիեւ մատնանշեց, որ վերջին տարիներուն աշխարհի վրայ աւելցած են հակամարտութիւնները։ Ուստի, կառավարութիւնները, քաղաքական գործիչներն ու հասարակական գործիչները պէտք է ընեն հնարաւորը՝ լարուածութեան նուազեցման համար։
4-րդ Կլոպալ ֆորումի բացման ելոյթին ժամանակ Իլհամ Ալիեւ խօսեցաւ նաեւ Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղիի շինարարութեան մասին։ Սա պիտի ըլլայ Ասիայէն դէպի Եւրոպա ամենակարճ ու ամենահանգիստ երկաթուղին։ «Այս երկաթուղին պիտի բարձրացնէ մեր երկրին ու տարածքաշրջանին աշխարհաքաղաքական կարեւորութիւնը», ըսաւ Ալիեւ՝ յիշեցնելով, որ այս ծրագրի պարագային համատեղ կ՚աշխատին Թուրքիոյ եւ Վրաստանի հետ։
Միւս կողմէ, Պաքուի ֆորումի բացման ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ Վրաստանի Նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլի։