ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԱԾ ՈՒ ՄՆԱՅՈՒՆ

Անգարա-Ուաշինկթըն համապարփակ համագործակցութեան օրակարգին վրայ միշտ առանձնայատուկ տեղ կը զբաղեցնէ Հարաւային Կովկասը։ Անցեալ շաբաթավերջին, Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցան Թուրքիա-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ Ռազմավարական դրութեան 7-րդ բանակցութիւնները, որոնք եզրափակուեցան համատեղ յայտարարութեան մը հրապարակումով։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի եւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի կողմէ գլխաւորուած բանակցութիւններէն վերջ հրապարակուած համատեղ յայտարարութեան մէջ առանձնապէս անդրադարձ կատարուեցաւ Հարաւային Կովկասին։

Ֆիտան եւ Պլինքըն ներկայիս պատրաստակամ են միասին աշխատիլ՝ խրախուսելու համար Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաւասարակշռուած ու մնայուն խաղաղութեան համաձայնագրի մը ստորագրումը։ Անոնք այս ուղղութեամբ միասին աշխատելու խոստում տուին՝ ընդգծելով, որ ենթադրեալ նման յայտարարութիւն մը տարածաշրջանի կայունութեան, համագործակցութեան եւ բարգաւաճման տեսակէտէ շատ խրախուսական պիտի ըլլայ։ Թուրք եւ ամերիկեան կողմերը ներկայիս արդէն համակարծիք են այս ուղղութեամբ։

Բաց աստի, Ռազմավարական դրութեան ձեւաչափին մէջ բանակցութիւններուն ժամանակ առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցը։ Ֆիտան եւ Պլինքըն Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուած ՆԱԹՕ-ի 75-րդ գագաթաժողովին ընդառաջ կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ առկայ սպառնալիքներուն եւ դժուարութիւններուն շուրջ։ Անոնք կանգ առին դաշինքէն ներս համակարգման եւ զօրակցութեան ամրապնդման հաւանական ճանապարհներուն վրայ։ Ֆիտան եւ Պլինքըն՝ որպէս դաշնակիցներ, համատեղ պաշտպանութեան եւ ՆԱԹՕ-ի բաց դրան քաղաքականութեան նկատմամբ իրենց զօրակցութիւնն ալ վերահաստատեցին վերջին բանակցութիւններուն ժամանակ։ 

Երկուշաբթի, Մարտ 11, 2024