ՇԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻԻ «NATIONAL ARTS CLUB»Ի ՀԱՄԵՐԳԸ ԲԱՐՁՐ ԳՆԱՀԱՏՄԱՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱԾ

Հռչակաւոր դաշնակահար եւ երաժիշտ Շահան Արծրունիի գործունէութիւնը միշտ անակնկալներ կը վերապահէ երաժշտասէրներուն։ Անոնք, որոնք Շահան Արծրունիի նուագահանդէսներուն կը մասնակցին, անակնկալի չեն մատնուիր միայն իրենց հաղորդ դարձած արուեստի որակին ու մակարդակին տեսակէտէ։ Ասոր փոխարէն Արծրունի միշտ նոր մօտեցումներով ու մտայղացումներով կը շարունակէ մագնիսացնել իր արուեստի համակիրները։

Ներկայիս ալ ան անմիջական ուշադրութեան կ՚արժանանայ՝ հայ կին յօրինողներու ստեղծագործութիւններով պատրաստած համերգներով։ Հայ իգական սեռի յօրինումները Շահան Արծրունիի վարպետութեամբ կը վերարժեւորուին եւ երաժշտասէրներուն տեսակէտէ իսկական վայելքի մը կը վերածուին։

Նիւ Եորքի «National Arts Club»ի երդիքին տակ վերջերս Շահան Արծրունիի տուած համերգն ալ եկաւ համալրել այս շարքը։ Ան երաժշտահանդէսի ընթացքին վայելեց հոծ թիւով գեղարուեստասէրներու ներկայութիւնը, որոնք բուռն ծափահարութիւններով ողջունեցին զինքը։ Շահան Արծրունի թէ՛ Հայաստանէն եւ թէ սփիւռքէն հայ կին յօրինողներու գործերը հրամցուց ներկաներուն՝ ծրագիրը մատուցելով իր ամբողջին մէջ։ Բաց աստի, ան աւելի քան հազար տարուան ժամանակահատուածի մը վրայ ներկայացուց հայ կին յօրինողներու ստեղծագործութիւնները, ինչ որ տարբեր խորք մը տուաւ համերգին։ Արդարեւ, Արծրունիի երգացանկին վրայ էին՝ Խոսրովիդուխտի «Զարմանալի է ինձ» շարականէն սկսեալ, մինչեւ Մերի Գույումճեանի «Բառերը կը պակսին» մերօրեայ գործը։

Նուագահանդէսին ներկայ էր նաեւ Մերի Գույումճեան, որու հետ Շահան Արծրունի ձեռնարկի աւարտին ջերմօրէն ողջունեցին ներկայ երաժշտասէրները։

Երկուշաբթի, Մարտ 11, 2024