ՌԻՍՔԵՐ ԵՒ ԳՈՐԾՕՆՆԵՐ
Հայաստանի դիմագրաւած գոյութենական, անվտանգային մարտահրաւէրները օրէ օր կը խորանան՝ մինչ տարածաշրջանային խաղաղութեան որոնումներն ալ կ՚ընթանան իրերամերժ ազդեցութեան պայքարներով։ Հարաւային Կովկասի խաղատախտակին վրայ ներկայիս մեծ ռիսքեր ու մեծ գործօններ խնդրոյ առարկայ են եւ այս իրավիճակին մէջ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան որոնումները մակընթացութեան եւ տեղատուութեան նմանութեամբ կ՚ընթանան։ Վերջին շրջաններուն միջազգային բոլոր դերակատարները կը վերահաստատեն իրենց խաղաղութեան կամքը՝ Երեւան-Պաքու առանցքին վրայ հաշտութեան նպաստելու համար։ Մնաց որ, Հայաստան-Ատրպէյճան ամենաբարձր մակարդակի շփումներն ալ այս ուղղութեամբ յոյս ներշնչած են։ Յամենայնդէպս, դաշտի վրայ իրադրութիւնները այնքան ալ չեն համապատասխաներ այդ փայլուն սպասումներու համայնապատկերին։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման յանձնաժողովներու վերջին բանակցութիւններուն յաջորդած օրերուն արդէն զգայացունց նոր իրադարձութիւն մը հանրային կարծիքին սեփականութիւնը դարձաւ։ Այսպէս, Ատրպէյճան Հայաստանէն պահանջեց անյապաղ վերադարձնել Տաւուշի մարզի սահմանամերձ չորս գիւղերը։ Հարկ է նշել, որ Ատրպէյճանի պահանջած այդ տարածքները հիմնականին մէջ անմարդաբնակ են։ Անոնց մօտակայքով կ՚անցնին դէպի Վրաստան միջպետական ճանապարհը, ինչպէս նաեւ Հայաստան մտնող կազամուղը։ Հայաստանի կառավարութեան, Արտաքին գործոց նախարարութեան եւ բանակցութիւններուն մասնակից փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակներէն առայժմ որեւէ մեկնաբանութիւն չէ կատարուած Ատրպէյճանի այս ուղիղ պահանջին փոխարէն։ Սահմանազատման յանձնաժողովի հանդիպումէն առաջ Մհեր Գրիգորեան հաստատած էր, որ Ատրպէյճան չորս գիւղ կը պահանջէ՝ առանց իր զօրքերը հայկական տարածքներէն ետ քաշելու մտադրութեան։
Առկայ լարուած իրավիճակին մէջ տարածաշրջանի դերակատարներուն միջեւ խտացեալ շփումներն ալ կը շարունակուին։ Այս ամբողջին մէջ Երեւան-Թեհրան առանցքը մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ է։ Շաբաթավերջին Հայաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ քաղաքական հերթական խորհրդակցութիւնները տեղի ունեցան։ Հայկական պատուիրակութիւնը գլխաւորեց արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան։ Իրանական պատուիրակութեան ալ գլուխը կը գտնուէր արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ալի Պաղերի Քանի։ Բանակցութիւններուն յաջորդած յայտարարութեան մէջ Երեւան եւ Թեհրան հերթական անգամ զգայնութիւն արտայայտեցին՝ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անձեռնմխելիութեան ուղղութեամբ։ Այս խորհրդակցութիւններուն զուգահեռ՝ Վահան Կոստանեան ընդունուեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի կողմէ։ Այս վերջինը համոզուած է, թէ Երեւան-Թեհրան համակողմանի յարաբերութիւններու զարգացումը կը նպաստէ տարածաշրջանի խաղաղութեան։
Միջազգային բեմահարթակի Արեւելք-Արեւմուտք մրցակցութիւնն ալ միշտ կը շարունակէ իր անդրադարձը ունենալ Հարաւային Կովկասի վրայ։ Այս իրավիճակին մէջ շաբաթավերջին Լոնտոնէն ուշագրաւ լուրեր հասան։ Այսպէս, Անգլիա Ռուսաստանի սպառնալիքներուն դէմ զօրակցութիւն յայտնեց Հայաստանին ի նպաստ։ Անգլիոյ պաշտպանութեան փոխ-նախարար Ճէյմս Հիփի յայտնեց, որ իր երկիրը կ՚ընդունի Հայաստանի իշխանութիւններուն որոշումը՝ սառեցնել անդամակցութիւնը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ)։ Անգլիական կողմը պատրաստ է աջակցութիւն ցուցաբերել հայկական կողմին՝ Մոսկուայի սպառնալիքներուն դէմ։ «Անգլիան այդ որոշումը կ՚ընդունի՝ որպէս Հայաստանի ինքնիշխան իրաւունքի իրացում։ Անգլիա պատրաստ է նաեւ համագործակցիլ Եւրոատլանտեան դաշնակիցներուն հետ՝ Հայաստանին աջակցութիւն ցուցաբերելու համար՝ ի դէմս Ռուսաստանի պատասխան գործողութիւններու սպառնալիքներուն», ըսաւ ան։
Անգլիոյ խորհրդարանէն ներս օրակարգի վրայ բերուած գրաւոր հարցման ի պատասխան փոխ-նախարարը ընդգծեց, որ Լոնտոն պիտի շարունակէ սերտօրէն համագործակցիլ Երեւանի հետ՝ փնտռելով համագործակցութեան խորացման ուղիներ։
Ճէյմս Հիփի այս բոլորին առընթեր դիտել տուած է, որ Հայաստան սառեցուցած է իր անդամակցութիւնը ՀԱՊԿ-ին՝ յայտարարելով, որ Ռուսաստան չէ կատարած իրեն նկատմամբ անվտանգային պարտաւորութիւնները։ Միեւնոյն ժամանակ, անգլիացի փոխ-նախարարը ընդգծած է, որ սա տակաւին չի նշանակեր կազմակերպութենէն Հայաստանին պաշտօնապէս դուրս գալը։ «Անգլիա ստորագրած է ԵԱՀԿ-ի սպառազինութիւններու ամպարկոն եւ, որպէս այդպիսին, Անգլիա պաշտպանական արդիւնաբերութեան համար որեւէ օգուտ պէտք է իրականացնէ իրաւասութեան սահմանափակումներու շրջանակին մէջ։ Մենք կը շարունակենք սերտօրէն աշխատիլ Հայաստանի հետ՝ աւելի սերտ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները բացայայտելու համար», ըսաւ ան՝ ի պատասխան երեսփոխաններէն մէկուն հարցման։