ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՀԵՌԱՆԿԱՐ

Ի­րա­նի հիւ­լէա­կան ծրագ­րին կա­պակ­ցու­թեամբ մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ գո­յա­ցած հա­մա­ձայ­նու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ ներ­կա­յիս քա­ղա­քա­կան մեկ­նա­բան­նե­րը կը քննար­կեն Հա­յաս­տա­նի առ­ջեւ ու­րուագ­ծուած նոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Այս­պէս, ե­թէ Ի­րա­նի մի­ջու­կա­յին ծրագ­րին շուրջ վերջ­նա­կան հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը գո­յա­նայ, ա­պա Հա­յաս­տան կրնայ լաւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն մը ու­նե­նալ այդ երկ­րին հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ընդ­լայ­նե­լու հա­մար զա­նա­զան ո­լորտ­նե­րէ ներս։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, մաս­նա­գէտ­նե­րը այս շրջագ­ծին մէջ կ՚ա­ռանձ­նաց­նեն ու­ժա­նիւ­թի բնա­գա­ւա­ռը։ Ար­դա­րեւ, Ի­րա­նի դէմ սահ­մա­նուած պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րու վե­րա­ցու­մը պի­տի նշա­նա­կէ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­կան­գնու­մը այդ երկ­րին եւ Ա­րեւ­մուտ­քին մի­ջեւ։ Իսկ սա իր հեր­թին կ՚են­թադ­րէ կա­զա­մու­ղե­րու եւ նաւ­թա­մու­ղե­րու կա­ռու­ցում, ա­նոնց ճա­նա­պար­հա­յին քար­տէ­սի գծու­մը։

Հա­շուի առ­նե­լով տա­րած­քաշր­ջա­նի լա­րուած ի­րա­վի­ճա­կը եւ Ի­րա­նի ու կարգ մը հա­րե­ւան­նե­րուն մի­ջեւ առ­կայ խնդիր­նե­րը, Հա­յաս­տան կրնայ ան­նա­խա­դէպ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­նալ Ի­րա­նի ու­ժա­նիւ­թի մի­ջոց­նե­րու տա­րանց­ման եր­կի­րը դառ­նա­լու ա­ռու­մով։ Թէեւ ա­պա­գայ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը ան­կա­րե­լի է հա­րիւր տո­կո­սով կան­խա­տե­սել, սա­կայն Հա­յաս­տա­նի պա­րա­գա­յին ի­րա­տես կը հա­մա­րուին այդ­պի­սի հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։

Ե­թէ Ի­րա­նի մի­ջու­կա­յին ծրագ­րին շուրջ վերջ­նա­կան հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը գո­յա­նայ, ո­րոշ կան­խա­տե­սում­նե­րով, կրնան բարձ­րա­նալ նաեւ նաւ­թի գի­նե­րը։ Այդ պա­րա­գա­յին Ռու­սաս­տա­նի տնտե­սու­թիւնն ալ կրնայ աշ­խու­ժա­նալ ո­րոշ չա­փով, ինչ որ կրնայ դրա­կան գոր­ծօ­նի մը վե­րա­ծուիլ Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան տե­սա­կէ­տէ, հա­շուի առ­նե­լով եր­կու տնտե­սու­թիւն­նե­րու ան­մի­ջա­կան կա­պը։ Թէեւ նաւ­թի գի­նե­րու բարձ­րա­ցու­մը կրնայ աշ­խու­ժաց­նել նաեւ Ատր­պէյ­ճա­նի տնտե­սու­թիւ­նը, բնա­կա­նա­բար խնդրա­յա­րոյց վար­կած մը Հա­յաս­տա­նի տե­սան­կիւ­նէն։

Միւս կող­մէ, Ե­րե­ւա­նի մօտ ԱՄՆ-ի դես­պան Ռի­չըրտ Միլսն ալ վեր­ջերս յայտ­նեց, թէ իր երկ­րին կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կա­րե­ւո­րա­գոյն­նե­րու շար­քին կը դա­սէ Հա­յաս­տա­նի ու­ժա­նիւ­թի բնա­գա­ւա­ռը։

Շաբաթ, Ապրիլ 11, 2015