ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԵԾ ԺՈՂՈՎԻՆ ՄՕՏ ԵՐԿՈՒ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՏԵՂԵԿԱԳՐԵՐ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԵՑԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ
Ազգային մեծ ժողովին մօտ երկու տեղեկագրեր պատրաստուեցան հայկական հարցին շուրջ։ «Միլլիյէթ» օրաթերթի երէկուան հաղորդումներով, խորհրդարանի հետազօտութիւններու բաժանմունքին կողմէ պատրաստուած են այս տեղեկագրերը, որոնցմէ մին կը վերաբերի հայոց Սփիւռքին, իսկ միւսը՝ հայկական հարցի կապակցութեամբ կողմերու պնդումներուն եւ դիրքորոշումներուն։ Յիշեալ թերթը կը գրէ, որ առանձին-առանձին պատրաստուած այս տեղեկագրերուն մէջ տեղ գտած են յատկանշական նշումներ։
Հայոց Սփիւռքին վերաբերեալ տեղեկագրին մէջ շեշտուած է, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի գլխաւորութեամբ հայերը կազմակերպուած են աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէն ներս։ «Հայոց Սփիւռքը» խորագրեալ տեղեկագրին բովանդակութեան մէջ մատնանշուած է, որ իրենց հաստատուած երկիրներէն ներս չձուլուելու նպատակով, հայկական ինքնութեան կորուստը կանխելու առաջադրութեամբ Սփիւռքը միշտ տեղահանութեան տարիներու յիշողութիւնը պահել կենդանի եւ զայն նոր սերունդներուն փոխանցելով՝ հասարակաց անցեալի մը շուրջ համախմբման հասնելու։ Այսպէս, Սփիւռքը մասնաւոր կարեւորութիւն կը վերագրէ հայոց լեզուի, մշակոյթի եւ աւանդութիւններու տեւականացման նկատմամբ։ Ըստ նոյն տեղեկագրին, 1915 թուականի դէպքերու յիսուներորդ տարելիցին՝ 1965 թուականին Սփիւռքի հայերը նկատեցին, թէ զանազան մշակոյթներու տէր, հայերէնէ դուրս լեզուներով հաւաքականութիւններուն մէջ ապրող նոր սերունդը սկսած է ձուլուիլ, Մայր Հայաստանի հետ կապերը սկսած են տկարանալ եւ հայկական ինքնութեան գիտակցութիւնը սկսած է նահանջել։ Այս պատճառով, ցեղասպանութեան վերաբերեալ պնդումները տեղափոխուած են միջազգային դաշտ։ Հայոց Սփիւռքին կողմէ ցեղասպանութեան պնդումները, հատուցման ու տարանցքային պահանջները, հակաթրքութիւնը կ՚օգտագործուին որպէս միջոց՝ Հայաստանէ դուրս բնակող հայերը համախումբ պահելու եւ անոնց ազգային ինքնութիւնը պահպանելու ուղղութեամբ։
Նոյն տեղեկագրին մէջ մատնանշուած է, որ հայկական Սփիւռքը դարձած է աշխարհի ամենազօրաւոր եւ ամենաազդու սփիւռքներէն մին։ Հրեաներու սփիւռքէն վերջ, հայկականը կը դասուի աշխարհի երկրորդը՝ իր լոպինկի կարողութիւններով։