ԼՈՊԻՆԿԻ ՄԵԾ ՈՍՏՈՒՄ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հետախուզական ծառայութեան՝ CIA-ի նախկին նախագահ Փորթըր Կոսս յառաջիկայ շրջանին պիտի աշխատի Թուրքիոյ ի նպաստ։ Նախագահ Ճորճ Պուշի իշխանութեան տարիներուն պաշտօնավարած Փորթըր Կոսս մասնակցեցաւ այն լոպինկի խմբակին, որ ԱՄՆ-ի մէջ աշխատանք կը տանի Թուրքիոյ ի նպաստ։ Իր պաշտօնավարութեան տարիներուն CIA-ի մօտ լուրջ բարեփոխումներ իրականացուցած Կոսս յետ այսու պիտի պաշտպանէ թրքական կողմին շահերը։
«Վաթան» օրաթերթի երէկուան հաղորդումներով, Թուրքիա թափ տուած է ԱՄՆ-է ներս իր լոպինկի նախաձեռնութիւններուն, որոնց շրջագծով 23 Ապրիլ 2015 թուականին Փորթըր Կոսսի հետ կնքուած պայմանագիրը ի զօրու պիտի համարուի անժամկէտ։
Ամերիկեան «The Intercept» լրատուական կայքէջը վերահասու դարձած է ԱՄՆ-ի Արդարադատութեան նախարարութեան մօտ գտնուող արձանագրութիւններուն, ըստ որոնց Փորթըր Կոսս համաձայնած է «Dickstein Shapiro» ընկերութեան հետ, որ Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ լոպինկի ընկերութիւնն է։ Արտաքին ներկայացուցիչներու հաստատման օրէնքին արձանագրութիւններուն համաձայն, վերոյիշեալ ընկերութիւնն ալ իր համացանցային կայքէջին վրայ անձնակազմի անուններուն շարքին թուարկած է Փորթըր Կոսսը, որ յետ այսու պիտի աշխատի Թուրքիոյ ի նպաստ։ Ըստ փաստաթուղթին, Կոսս զանազան նիւթերու շուրջ խորհուրդներ պիտի տայ Թուրքիոյ, ներառեալ հակաահաբեկչական պայքարը։ Բաց աստի, հաչս ԱՄՆ-ի Գոնկրէսի անդամներուն ան աշխատանք պիտի տանի Թուրքիոյ կարեւորութիւնը բացատրելու համար։
2004 թուականին CIA-ի գլուխը բերուած Փորթըր Կոսս եկած էր Հանրապետութեան կուսակցութեան շարքերէն։ Սեպտեմբերի 11-ի յարձակումներէն վերջ ան կարեւոր գործ տեսած է CIA-ի գործունէութեան վերաձեւաւորման ուղղութեամբ եւ իր քայլերը կազմակերպութեան շրջանակներէն ներս յառաջացուցած էին անհանգստութիւններ։ 2006 թուականին անսպասելի որոշումով մը ան իր հրաժարականը ներկայացուցած էր շրջանի նախագահ Ճորճ Պուշին։ Վերոյիշեալ կայքէջը այս փուլին մէջբերած է CIA-ի պաշտօնավարութեան շրջանին Փորթըր Կոսսի կողմէ կատարուած այն յայտարարութիւնը, թէ ոչինչ կրնայ այլընտրանք ըլլալ ազատութեան համար։ Միայն ազատութիւնը կրնայ ապահովել, որ մարդոց ներուժի ամբողջութիւնը դառնայ հասանելի։
Արտաքին ներկայացուցիչներու հաստատման օրէնքի հիման վրայ պատրաստուած փաստաթուղթին մէջ թուարկուած են Փորթըր Կոսսի Թուրքիոյ պարագային ծաւալելիք գործունէութիւնները։ Այսպէս, ան ԱՄՆ-ի Գոնկրէսի անդամներն ու ամերիկեան ղեկավարութեան իրաւասուները տեղեակ պիտի պահէ այն խնդիրներուն շուրջ, որոնք կարեւորութիւն կը ներկայացնեն Թուրքիոյ տեսակէտէ։ Կոսս Անգարան տեղեակ պիտի պահէ՝ ԱՄՆ-ի ղեկավարութեան կամ Գոնկրէսի այն գործունէութիւններուն առընչութեամբ, որոնք Թուրքիոյ տեսակէտէ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն։ ԱՄՆ-ի ղեկավարութեան կամ Գոնկրէսի մօտ Թուրքիոյ տեսակէտէ կարեւոր խնդիրներուն շուրջ ան պիտի պատրաստէ զարգացման վերլուծութիւններ։
Ի լրումն այս բոլորին, Փորթըր Կոսս խորհրդատուութիւն պիտի ապահովէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ ընդլայնման ուղղութեամբ՝ ԱՄՆ-ի Գոնկրէսէն ներս քննարկուած կարեւոր նիւթերու շուրջ, ներառեալ առեւտուրը, ուժանիւթի անվտանգութիւնը, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ջանքերը, ինչպէս նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Եւրոպայի տարածքաշրջանային կայունութեան ապահովման նպատակով գործադրուած ջանքերը։