Ո՛Չ ԹԷ ԻՇԽԱՆԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ, ԱՅԼ ԱՌՈՂՋԱՑՈՒՄ
Արդէն բազմիցս առիթ ունեցած եմ գրելու, որ Հայաստանը ժողովրդավարական երկիր չէ, որովհետեւ մեր պետութեան մէջ չկայ իշխանութիւններու թեւերու բաժանում, ամէն ինչ կեդրոնացած է մէկ մարդու ձեռքին մէջ:
Բայց կայ աւելի նուրբ պահ մը, որ դարձեալ կ՚առընչուի ընտրութիւններու հետ, որոնց «արդարութեան» մասին այդքան կը սիրէ խօսիլ ներկայ իշխանութիւնը: Իբր ընտրութիւնները (եթէ նոյնիսկ ընդունինք, որ անոնք արդար են) ժողովրդավարութեան «ապացոյց» են: Բայց, երբ քաղաքական կեանքը մեռած է, երբ որեւէ հարց լրջօրէն չի քննարկուիր, մարդոց ժամանակ առ ժամանակ տեղամասեր կանչելը եւ հարցնելը, թէ ո՞վ է աւելի լաւը՝ Փաշինեանը, թէ Քոչարեանը՝ սա ժողովրդավարութիւն չէ:
Ես ունիմ ժողովրդավարութեան յատկանիշներէն մէկու իմ (ոչ-գիտական) ձեւակերպումը. սա մթնոլորտ մըն է, երբ շարքային քաղաքացիները կրնան առանց իրար վիրաւորելու, առանց իրարմէ խռովելու քննարկել քաղաքական հարցեր: Միայն այդ «խաղաղ հակամարտութեան» պարագային հնարաւոր է խօսիլ իրական ինքնակառավարման մասին: Հայաստանի մէջ, իմ կարծիքով, նման մթնոլորտ չկայ:
Հեռու չերթալու համար բերեմ իմ օրինակը: Ես unfriend կամ unfollow կ՚ընեմ (կախեալ թոքսիքութեան աստիճանէն) չափէ դուրս խանդավառ նիկոլականները եւ քոչարեանականները: Այսինքն՝ ո՛չ միայն չեմ բանավիճիր, այլեւ չեմ ուզեր կարդալ՝ ջիղերս խնայելու համար: Գործի բերումով լրատուամիջոցներու նիւթերը կը կարդամ, բայց ֆէյսպուքի մեկնաբանութիւնները՝ ոչ:
Այդ կարծիքները կը պտտին նոյն առանցքի շուրջ. մէկ կողմէ «թուրք», «դաւաճան», միւս կողմէ՝ «Ռուսաստանի գործակալ», «թալանճի»: Այս խօսոյթը քաղաքական քննարկումներու, մեծ հաշուով, քաղաքական կեանքի բացակայութեան ցուցիչ է: Սա, իր հերթին, դարձեալ պիտի բերէ «ընտրութեան», որու այս կամ այն ելքը որեւէ ձեւով իրավիճակը պիտի չփոխէ: Բայց ատկէ յետոյ յաղթող կողմը պիտի խօսի «ժողովրդավարութեան» մասին:
Այսօրուայ իրավիճակը պիտի շարունակուի ամիս մը, տարի մը, կամ 5 տարի, իսկ յետոյ մեզ՝ քաղաքացիներս, դարձեալ «պիտի հաւաքագրեն» ընտրութիւններու (հանրաքուէի), ուր մենք պէտք է որոշենք՝ ընդունելի՞ է, թէ մերժելի Փաշինեանը կամ իր նման ոեւէ մէկը:
…Նոյնիսկ բարեկամներու եւ համադասարանցիներուս հետ կը խուսափիմ քաղաքականութեան մասին խօսելէ: Ինչո՞ւ փճացնեմ յարաբերութիւններս հարազատ մարդոց հետ: Միեւնոյնն է՝ ոեւէ մէկը որեւէ բանի չես կրնար համոզել:
*
1991 թուականի դեկտեմբերի 8-ին, Պելովեժեան համաձայնագրերու ստորագրմամբ արձանագրուեցաւ Խորհրդային Միութեան փլուզումը: Ստեղծուեցան 12 անկախ պետութիւններ՝ Պալթեան հանրապետութիւնները անջատուած էին աւելի վաղ: Այդ պահէն սկսեալ՝ գրեթէ 33 տարուան ընթացքին եղա՞ծ որեւէ դէպք, երբ անկախ պետութիւններէն որեւէ մէկը մտնէր Ռուսաստանի կազմ կամ այդ պետութիւններու ղեկավարութիւնը նման փափաք յայտնէր:
Կայ «Ռուսաստան-Սպիտակ Ռուսիա միութենական պետութիւն», բայց իրականութեան մէջ Սպիտակ Ռուսիան միանգամայն անկախ պետութիւն մըն է. Լուքաշենքոն «քոլխոզնիքի» (պատկերաւոր՝ սովետական դիւանակալ) դիմակը հագած, չափազանց ճկուն եւ ինքնուրոյն քաղաքականութիւն մը կը վարէ: Ռուսաստանը, այո, կը փափաքի ուժով «հնազանդեցնել» Ուքրայնան, բայց սա խելագարութիւն է, ցնորք՝ նման բան երբեք տեղի պիտի չունենայ:
Այսպէսով, Ռուսաստանի կազմը մտնելու, Ռուսաստանի «ծայրամաս կամ ծայրագաւառ» դառնալու ցանկութիւն չունի որեւէ պետութիւն կամ որեւէ երկրի վերնախաւ: Եւ պատճառն ալ պարզ է. Ռուսաստանը չունի քաղաքական, տնտեսական, թեքնոլոժիք միջոց, զոր կրնայ «գայթակղել» որեւէ հարեւան:
Ի՞նչն է հապա պատճառը, որ Փաշինեանի քարոզիչները «Ռուսաստան» եւ «ծայրագաւառ» բառերը ծամոն դարձուցած են՝ վերագրելով իշխանութեան ընդդիմախօսներուն այն, ինչ որ անոնց մտքով անգամ չէր անցած:
Այո, կան ուժեր, որոնք համոզուած են, թէ Ռուսաստանի հետ պէտք է լաւ յարաբերութիւններ պահպանել, նաեւ, հնարաւորութեան պարագային համագործակցիլ ռազմական ոլորտի մէջ: Իսկ Փաշինեանը այդ բանը չ՚ուզե՞ր: Քարոզիչները իրենց «շեֆէն» նման բան լսա՞ծ են:
Ըստ պաշտօնական քարոզչութեան, ոեւէ քաղաքացի, որ դէմ է Ալիեւի անվերջանալի պահանջներու՝ Հայաստանի կողմէ կատարման, Ռուսաստանի գործակալ է եւ կը պայքարի Հայաստանի ինքնիշխանութեան դէմ: Սա նոյնքան անհեթեթ է՝ որքան կրօնապետութեան մասին դատողութիւնները:
«Սահմանազատումը եթէ չէք հաւնիր, հեռացէ՛ք երկրէն, գացէ՛ք ձեր Մոսկուան», մօտաւորապէս այսպիսի ցասումնալից գրառում տեսած եմ: Ի վերջոյ ո՞վ գնաց Մոսկուա:
*
Քանի որ ՔՊ-ականներու («Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւն, որ Հայաստանի խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն կը կազմէ) ուշքն ու միտքը իրենց աթոռներն են, իսկ մէկ մասին համար՝ նաեւ իրենց հարստութիւնները (քիչ չեն այնպիսիները, որոնք այս 6 տարիներուն զգալի «յաջողութիւններու» հասած են), կ՚ուզեմ անոնք հանգստացնել՝ այս օրերուն իշխանափոխութեան որեւէ վտանգ չկայ: Այնպէս որ պէտք չէ իրար անցնիլ եւ ուժանիւթ ծախսել՝ «Ռուսաստանի գործակալ», «նախկին թալանճիներ», «Քոչարեանը՝ շահառու» քարոզչական թեզերու վրայ:
«Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի» շարժումը իշխանափոխութեան մասին չէ՝ անկախ հռետորներու ելոյթներէն եւ հրաժարականի պահանջներէն: Կը հասկնամ, թէ ՔՊ-ականներու եւ ՔՊ-ամերձ շրջանակներու երեւակայութիւնը պաշտօնէն եւ դրամէն այն կողմ չ՚երթար, բայց ձեզ կը հաւատացնեմ՝ կան մարդիկ, որոնք այդ բաները չեն կարեւորեր եւ կան բաներ, որոնք իրենց այդ ճղճիմ մտահոգութիւններէն աւելի կարեւոր են:
Մեր ժողովուրդի համար այսօր ամենակարեւորը պարտութեամբ պայմանաւորուած կուչ եկած, ստորացած վիճակէն դուրս գալն է, սեփական ուժերու նկատմամբ հաւատը, ազգային արժանապատուութիւնը վերագտնելն է: Իսկ այդ բանի հիմքին է իրարու հանդէպ սէրը վերականգնելը:
Սէրը այս պարագային զգացում չէ՝ պարզ է, որ մենք չենք կրնար բոլորի նկատմամբ դրական զգացումներ ունենալ, մենք չենք կրնար բոլոր մարդիկ հաւնիլ, ինչպէս եւ մենք չենք կրնար բոլոր մարդոց դիւր գալ: Բայց մենք կրնանք, անկախ վերաբերմունքէն, իրարու համար բարին ցանկանալ: Եւ սա տարածենք ո՛չ միայն մեզ սիրողներու եւ բարեկամներու վրայ: Այլապէս հեթանոսներէն ու մաքսաւորներէն չենք տարբերուիր (Մաթ. 5:46,47):
Նիկոլականութիւնը, որ 2008 թուականէն յետոյ ծնաւ եւ զարգացաւ ՀԱԿ-է («Հայ ազգային քոնկրէս» կուսակցութիւնը, որու ղեկավարն է առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան) ներս, կ՚ելլէ ճիշդ հակառակ սկզբունքէն՝ գտնել որքան հնարաւոր է շատ թշնամիներ, թիրախներ՝ ինքնահաստատուելու նպատակով: Խօսիլ մերձաւորիդ հետ սպառնալիքի, անձնական զիջումներու, վարկաբեկման լեզուով՝ սա ո՛չ միայն քաղաքական պայքարի ոճ է, այլեւ մտածելակերպ, աշխարհայեացք: Սա կը նմանի քաղցկեղի, որ այս պարագային կ՚ուտէ ո՛չ թէ մարդոց մարմինը, այլ հոգին:
Այս շարժումը միտուած է այդ հիւանդութիւնը բուժելու: Եթէ բուժումը յաջող ընթանայ, տեղի կ՚ունենայ ո՛չ միայն իշխանափոխութիւն (սա երկրորդական է), այլեւ հասարակութեան առողջացում:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի համակցուած խմբագրականներ