«ՆՈՐ ԱՆՈՒՆՆԵՐ»՝ ԲԵՄԻ ՎՐԱՅ

Ե­րե­ւա­նի Կո­մի­տա­սի թան­գա­րան-հիմ­նար­կին մէջ կա­յա­ցաւ Հա­յաս­տա­նի «Նոր ա­նուն­ներ» ծրագ­րի անդ­րա­նիկ հա­մեր­գը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի փո­խանց­մամբ, պա­տա­նի­նե­րը կա­տա­րե­ցին հայ եւ ա­րեւմ­տեան դա­սա­կան յօ­րի­նող­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։

«Նոր ա­նուն­ներ» ծրա­գի­րը կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի 1989-էն ի վեր՝ մշա­կոյ­թի վաս­տա­կա­ւոր գոր­ծիչ, Մշա­կոյ­թի գոր­ծիչ­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեան նա­խա­գահ Սիլ­վա Մե­քի­նեա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ 2011-էն ի վեր ծրա­գի­րը կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի Ա­ռա­ջին տի­կին Ռի­թա Սարգ­սեա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ։

Ծրա­գի­րը մինչ օրս յա­ջո­ղու­թեամբ կը կա­տա­րէ իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը՝ յայտ­նա­բե­րե­լով եւ զօ­րա­վիգ ըլ­լա­լով պա­տա­նի տա­ղանդ­նե­րուն, այ­սօ­րուան նոր ա­նուն­նե­րուն եւ ա­պա­գա­յի հո­գե­ւոր մշա­կոյ­թի կեր­տող­նե­րուն։

«Նոր ա­նուն­ներ»ուն ան­դա­մակ­ցած են տաս-տաս­նութ տա­րե­կան շուրջ ե­րե­սուն շնոր­հա­լի պա­տա­նի ե­րա­ժիշտ-կա­տա­րող­ներ՝ ե­րաժշ­տա­կան կրթօ­ճախ­նե­րու սա­ներ, մի­ջազ­գա­յին եւ ազ­գա­յին մրցոյթ­նե­րու, փա­ռա­տօն­նե­րու դափ­նե­կիր­ներ։

 

 

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2015