ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
Երեսփոխանական ընտրութիւններէն վերջ երկրի բարձրագոյն իշխանութեան ձեւաւորման ուղղութեամբ կ՚ապրուին յագեցած օրեր։ Քաղաքական գործիչներ հանդէս կու գան տարբեր յայտարարութիւններով՝ մեկնաբանելով հաւանական զարգացումները։ Այս խորապատկերին ընտրութիւններէն վերջ երէկ իրիկուն առաջին անգամ հանրութեան ներկայացաւ ԱՔ կուսակցութեան կուսակցապետ եւ վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու։ Ան ըսաւ, որ իրենք կը փափաքէին նախագահական վարչակարգի անցնիլ, սակայն հանրութիւնը չէ արտօնած։ «Այս պահու դրութեամբ կայ նոր պատկեր մը եւ ամէն ոք ստիպուած է ըստ առկայ վարչակարգի ղեկավարել երկիրը», ըսաւ ան՝ յայտնելով, թէ դերերը պիտի բաշխէ հանրապետութեան նախագահը։ «Անձը ո՛ւր որ է՝ իր դիրքը հո՛ն է», ըսաւ ան։
Տավուտօղլու մեկնաբանեց նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Տենիզ Պայքայլի միջեւ երէկ անակնկալօրէն կայացած հանդիպումը։ Ան ըսաւ, թէ հանրապետութեան նախագահը համախոհական կառավարութիւն մը ստեղծելու գծով բանակցութիւններ վարելու լիազօրութիւններ չունի։
Նման յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ նաեւ ՀՏՓ-ի կուսակցապետ Սելահատտին Տէմիրթաշ։ Ան ըսաւ, որ իրենք անձնական հակառակութիւն մը չունին Էրտողանին հանդէպ, սա-կայն այն եղաւ մէկը, որ խախտեց սահմանադրութիւնն ու իշխող կառոյցները։ Տէմիրթաշ նոյնպէս յայտնեց, թէ համախոհական կառավարութիւնները կը ստեղծեն քաղաքական կուսակցութիւնները եւ ոչ թէ նախագահը։
Երէկ տեղի ունեցաւ նաեւ ԱՔ կուսակցութեան Կեդրոնական մարմ-նի ժողովը։ Շուրջ 6.5 ժամ տեւած ժողովէն ետք յայտարարութիւններ կատարեց փոխ-կուսակցապետ եւ բանբեր Պեշիր Աթալայ։ Ըստ իրեն, կարելի չէ պատկերացնել Թուրքիոյ մէջ քաղաքականութիւն մը, որու հաւանականութիւններէն դուրս ըլլայ իրենց կուսակցութիւնը։ Աթալայի կարծիքով՝ Թուրքիոյ քաղաքականութեան ապագան ամենաշատ կախում ունի ԱՔ կուսակցութեան գնահատականներուն հետ։ Էրտողան-Պայքալ հանդիպման անդրադառնալով ան ըսաւ, որ որեւէ տեղեկութիւն չունի եւ եթէ կայ բան մը, աւելի յարմար պիտի ըլլայ, որ իրենք կատարեն յայտարարութիւնները։
Արդէն իսկ յիշեալ հանդիպման աւարտին Պայքալ հանդէս եկած էր յայտարարութիւններով։ Ան նշած էր, թէ նախագահը իրեն հետ ուզած էր հանդիպիլ որպէս նոր խորհրդարանի առժամեայ նախագահութիւնը վարելիք երեսփոխան մը։ «Խնդրոյ առարկայ իսկ չի կրնար ըլլալ արգելք մը, որ նախագահութիւնը դնէ եթէ քաղաքական կուսակցութիւններ համախոհութեան մը հասնին իրենց միջեւ։ Չստացայ այն տպաւորութիւնը, թէ նախագահը յատուկ աշխատանք մը կը տանի համախոհական կառավարութիւն մը ստեղծելու ուղղութեամբ», ըսաւ ան։
Միւս կողմէ, աշխատանքներ կը տարուին նաեւ որոշելու համար խորհրդարանէ ներս կուսակցութեանց խմբակցութիւններուն առաջնորդներուն անունը։ Այս շրջագծով կը խօսուի նաեւ Կարօ Փայլանի մասին՝ որպէս ՀՏՓ-ի խորհրդարանական խմբակցութեան փոխ-նախագահի թեկնածու։