ՀՏՓ-ԷՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔԱՅԻՆ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄ
ՀՏՓ-ի արտաքին յարաբերութեանց գծով փոխ-նախագահ եւ Վանի երեսփոխան Նազմի Կիւր հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ռուսական «Ռիա Նովոստի» գործակալութեան տուած իր հարցազրոյցին մէջ Կիւր յայտարարեց, որ իր կուսակցութիւնը կողմ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ սահմանի բացման։ Ան նաեւ նշեց, որ ՀՏՓ կը փափաքի, որ ճանչցուի Հայոց ցեղասպանութիւնը։
«Մենք կողմ ենք, որպէսզի կեանքի կոչուին Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման արաձանագրութիւնները եւ սահմանը բացուի։ Հայ-թրքական յարաբերութիւնները պէտք է ղարաբաղեան հիմնախնդրի լուծման հետ կապուած ըլլայ։ Հայաստանն ու Ատրպէյճան բանակցութիւններով պէտք է լուծեն այդ հակամարտութիւնը։ Մենք նաեւ կ՚ուզենք, որ ճանչցուի Օսմանեան կայսրութեան շրջանին հայերու դէմ իրագործուած ցեղասպանութիւնը», նշեց Կիւր։