ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՇՏ ԱՌԿԱՅ

Հայաստանի իրադրութիւնը, ի հարկէ, սպասողական է։ Արդէն պարզ է, որ ապագայ օրերը շատ աւելի խաղաղ պիտի ըլլան՝ քան անցեալ մէկ ամիսը։

Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեան, որ Տաւուշէն ընդդիմադիր շարժումի մը ծնունդ տուաւ ու հասաւ մայրաքաղաք Երեւան, ուր կազմակերպեց աննախընթաց հանրահաւաք մը։ Այդ մէկը ամբողջ երկրի ծաւալով աննախընթաց էր։ Սակայն, Բագրատ սրբազան գործեց իր ամենամեծ սխալը։ Ան կարծեց, թէ իր շարժումը դանդաղօրէն, մարմանդ կրակի մը վրայ պիտի աճէր ու մեծնար եւ կաթուածահարէր ամբողջ մայրաքաղաքը։

«Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի փրկութեան» ընդդիմադիր շարժման միւս սխալները թուարկելէ անդին՝ հարկ է լոյսին տալ կարեւորագոյն բացթողումը։ Այդ մէկը ոչ միայն խորքային էր, այլ, իրականութեան մէջ այս շարժումին դէմ տրուած մեծագոյն հարուածը։ Անորոշութեան եւ յստակ ընելիքներու բացակայութիւն…

Ի դէպ, շարժման առաջին երկու շաբաթներուն արդէն զգալի դարձած էր, որ Բագրատ սրբազան կը դիմէ նոր մարտավարութեան մը։ Մէկ խօսքով՝ ան կը հիմնուէր հետեւեալ մտքին վրայ. «Եթէ մասնակիցները շատ ըլլան, շատ գործ կրնանք ընել, իսկ եթէ մասնակիցները քիչ կամ անբաւարար ըլլան, ապա կ՚ընենք այն ինչ, որ կրնանք ընել...»։ Այս մարտավարութիւնը միով բանիւ որոշ վերապահումներու դուռ մը բացաւ։ Արդարեւ, մասնակացիներէն շատ շատեր փողոց իջած էին ո՛չ միայն դժգոհութիւն արտայայտելու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ու նամանաւանդ անոր գործելաոճին ու քաղաքական ընկալումներուն դէմ, այլ անոնք կարիքն ունէին տեսնելու գործողութիւններու շարք-օղակ մը, որուն հիմքով կարելի պիտի ըլլլար իսկապէս մօտենալ իշխանափոխութեան հիմնական օրակարգին։

Կը թուի, անշուշտ, թէ այս բոլորի մասին գիտէին նաեւ Բագրատ սրբազանն ու աջակիցները։ Բայց, չես գիտեր ինչու, առաջին շաբթուան որոշ ուղղութիւններէն եւ ծրագրային ուղղուածութենէն անդին՝ որոշ ժամանակ անց անոնք ձեւափոխեցին իրենց պայքարը, սկսան առանց յստակ բացատրութիւններ կամ որոշ նշաններ ցոյց չտալով ընթանալ։

Հերթական դարձած ցոյցեր, թաղամասէ մը միւսը քայլարշաւներ, բարձրախօսային ասոյթներ ու վանկարկումներ եւ յաճախ ալ ոստիկանական ուժերուն հետ բախումներ… Այս բոլորը դարձան հերթական եւ այդ պատճառով ալ բարձրացուած աղմուկը կամաց-կամաց շիջեցաւ ու կերպով մըն ալ դարձաւ սովորական, ընթացիկ։

Քաղաքացին սովորականին պէս գնաց գործի։ Բողոքի հաւաքներու մասնակիցները շարունակեցին մասնակցիլ այդ ցոյցերուն։ Ու ճիշդ է, որ կամաց-կամաց դանդաղեցաւ մարդկանց հոսքը դէպի Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ տարածքը, որ Երեւանի սրտին կը գտնուի, բողոքներու հիմնական վայրը դարձած է։ Բողոքի ալիքի նօսրացումէն ետք Բագրատ սրբազան փորձեց դիմել նոր մեթոտներու եւ այս անգամ իր եւ իր համակիրներուն ուշադրութիւնը ուղղուեցաւ դէպի Հայաստանի հեռաւոր շրջանները։ Այսպէսով կերպով մըն ալ մարեցան մայրաքաղաքին մէջ ստեղծուած անասելի լարուածութիւնը, սպասողականութիւնը ու թերեւս նոր շունչ մը առաւ շարժումը՝ դարձեալ քալելու համար բողոքի հիմնական ճանապարհի նպատակին։ Յամենայնդէպս, նման պայքարներու պարագային իւրաքանչիւր կորսուած առիթ ուղղակիօրէն կը հարուածէ տուեալ գործին ընթացքը եւ ստեղծուած սովորականութիւնը իրավիճակը կը տանի դէպի դանդաղ մարում։

Թերեւս վաղն իսկ այս շարժումը կը փորձէ դարձեալ նոր եռանդ մը հաւաքել ու դարձեալ մեծաթիւ մասնակիցներով ցոյցերու առիթ մը ունենալ, բայց աւելի քան յստակ է, որ անոր աստեղային ժամը արդէն կը պատկանի անցեալին։ Թերեւս նոյն շարժումը ապրի նոր ձեւափոխումներ եւ ունենայ այլ ճանապարհներով շարունակութիւններ, սակայն կասկածէ վեր է, թէ Բագրատ սրբազանի այս շարժումը պիտի չունենայ իշխանափոխութիւն իրականացնելու իրական հնարաւորութիւն մը ներկայ փուլին։

Այստեղ, անշուշտ, հարկ է նաեւ խօսիլ տարածաշրջանային ու միջազգային այն իրադարձութիւններուն մասին, որոնք տեղի կ՚ունենանյ Հայաստանի սահմանէն անդին ու կ՚ենթադրեն քաղաքական նոր ընթացակարգեր։ Խաղաղութեան ծրագիր, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի կողմէ հետեւողական ուշադրութիւն, բաց աստի Թուրքիոյ եւ, բնականաբար, Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ խօսոյթի փոխհրաձգութիւն, որ յաճախ կ՚ունենայ դրական շեշտադրումներ։ Ատրպէյճանի նախագահը, որ վերջին շրջանին դրական կարգ մը խօսքեր հնչեցուց Տաւուշի մէջ ընթացք առած սահմանազատման մասին, արագօրէն վերադարձաւ իր նախկին հռետորաբանութեան ու բանակցութեան սեղանին նետեց Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոխելու հարցը, որուն արագօրէն հակադարձեց Երեւանի ղեկավարութիւնը՝ Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսափողով։ Այս բոլորը կացութիւնը կը տանին զերօ կէտի մը, բայց եւ այնպէս, նոյնիսկ այնտեղ իրականութիւն է, որ Տաւուշի այդ հատուածի սահմանազատումը նոր հիմքեր պիտի բերէ, որպէսզի երկու կողմերը իսկապէս մօտենան երկխօսութեան հիմնաւոր փուլին։

Վերադառնալով ընդդիմութեան ճամբարին, ապա հոն եւս կան որոշակի կարծրացումներ, որոնք կը մատնեն այն հիմնաւոր մօտեցումը, թէ ի տարբերութիւն առաջին օրերու պատկերին՝ այսօր մեծ հաշուով Բագրատ սրբազան առանձինն ձգուած է իր ճակատագրին հետ։ Սա միայն քաղաքակա՞ն ճակատագիր է, թէ շարժման աւարտով պայմանաւորուած նոր սկիզբի մը կը վերաբերի այս ամէն ինչը։ Անշուշտ, դեռ պարզ չէ, սակայն, պարզ է, որ մէկ ամսուան բողոքի ալիքէն ետք այս շարժումը կա՛մ կ՚առնէ մեծ քայլերու ճամբան կամ ալ կը հալի ու կը միանայ իրեն նախորդած բազմերանգ եւ բազմապիսի շարժումներու պատմութեան։ Կը մարի՞ շարժումը, տակաւին յստակ չէ, սակայն յստակ է, որ այժմու հունով այս շարժումը դատապարտուած է մեռնելու։

Ամէն պարագայի, եթէ պահ մը հաշուի առնենք, որ յառաջիկայ օրերը ճակատագրական կրնան ըլլալ Հայաստանի ընդդիմադիր այս շարժումին համար, ապա յստակ է, անշուշտ, որ Հայաստանի իշխանական մեծամասնութիւնը, քաղաքական վերնախաւը կամ մէկ խօսքով իշխանութիւնը առաջուան մեծամասնական ներուժը չունի։

Այդ պատկերը կապ ունի, թէ ի՞նչ իրադարձութիւններ պիտի յաջորդեն։ Բայց եւ այնպէս, իշխանութիւնները առաջուան ներուժը չունին ու շատ հաւանաբար ալ չունենան բացարձակ մեծամասնութիւն մը։ Այո՛, կրնան իշխանութիւնը պահել եւ երկիրը կառավարել՝ յաճախ ալ հիմնուելով ներքին խաղերու կամ արտաքին գործօններու վրայ, բայց եւ այնպէս, առաջուան հիմնաւոր ուժը, անվերապահ նեցուկն ու զօրակցութիւնը չունին եւ սա ի զօրու է բոլոր ճակատներու պարագային, բոլոր հարթութիւններու վրայ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունիս 11, 2024