ԽՈՐՀՐԴԱՆՇԱԿԱՆ ԾԱՌԱՏՈՒՆԿ
Գնալը կղզիի բարձունքի Խրիստոս յունաց պատմական վանքի համալիրէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ խորհրդանշական ծառատունկ մը։ Հարկ է նշել, որ այս վանքի տարածքէն ներս կը գործէ յոյն համայնքի ամառնային ճամբարը, որ հայ համայնքի Կազդուրման կայանին հետ նման առաքելութիւն մը ունի։ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը շաբաթավերջին նախագահեց ամառնային ճամբարի եղանակային բացման առթիւ կազմակերպուած կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն։
Եղանակի բացման հանդիսութիւններուն յաջորդեց վանքի համալիրէն ներս՝ խոր իմաստով եւ զգացական մեծ նշանակութեամբ արարողութիւն մը։ Այսպէս, պատմական վանքի պարտէզին մէջ 12 ձիթենի տնկուեցաւ՝ Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքին անունով։ Նորին Սրբութիւնը մասնակցեցաւ այդ ծառատունկին եւ մի առ մի ջրեց նոր ձիթենիները։ Իրեն համար սա եզակի կարգադրութիւն մըն էր՝ մանաւանդ, որ նոր ձիթենիները անուանուեցան իր ընտանիքի անդամներուն ի յիշատակ։
Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը Սուրբ Անդրէասի գահուն վրայ արդէն աւելի քան երեք տասնամեակ բոլորած է եւ ուղղափառաց ամենաերկար գահակալած պատրիարքն է։ Այս նոր ձիթենիները կու գան կարեւոր խորհրդանշան մը դառնալ իր հովուապետական ծառայութեան վաստակը յաւերժացնելու տեսակէտէ։