ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ՅԱՅՏԱՐԱՐՆԵՐ
Վիլնիուսի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը, որուն ընդառաջ Թուրքիա հաւանութիւն տուաւ Շուէտի անդամակցութեան։ Երէկ երեկոյեան Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան, ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ եւ Շուէտի վարչապետ Ուլֆ Քրիստերսոն այս կապակցութեամբ հասարակաց յայտարարի մը հասան Վիլնիուսի մէջ։ Արդիւնքը անմիջապէս ողջունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն, որու հետ այսօր ժամադրուած է Էրտողան եւ արդէն հեռախօսազրոյց մը ունեցած էր Վիլնիուս մեկնելէ առաջ։
Անգարայի եւ Սթոքհոլմի միջեւ յառաջիկայ շրջանին պիտի ստեղծուի անվտանգութեան նոր դրութիւն մը։ Կողմերուն միջեւ ընդհանրապէս 6 կէտէ բաղկացեալ համաձայնութիւն մը գոյացած է։ Շուէտ յառաջիկայ շրջանին պիտի պաշտպանէ Թուրքիոյ ԵՄ-ի անդամակցութեան գործընթացը, վիզաներու ազատականացումն ու մաքսային միութեան համաձայնութեան վերանորոգուիլը։ Բաց աստի, Շուէտ պաշտօնապէս յայտարարած է, որ աջակցութիւն պիտի չցուցաբերէ ԵՓԿ-ՓԵՏ-ին եւ ՖԵԹԷՕ-ին։ Այսպէսով Ազգային մեծ ժողովի օրակարգին պիտի գայ՝ Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան վաւերացման հարցը։
Նախագահ Էրտողան Վիլնիուսի գագաթաժողովին ընդառաջ վճռական պատգամներ հասցէագրեց արեւմտեան աշխարհին։ Ան յիշեցուց, որ Թուրքիա աւելի քան 50 տարիէ ի վեր կը սպասէ Եւրոպայի դրան առջեւ։ «Եկէք, նախ Թուրքիոյ ԵՄ-ի անդամակցութեան առջեւ ճանապարհ հարթենք ու մենք ալ Շուէտի առջեւ ճանապարհ բանանք՝ ինչպէս որ ըրինք Ֆինլանտիոյ պարագային», ըսաւ ան։
Միւս կողմէ, Էրտողան երէկ Վիլնիուսի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ։