779 ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԲԺԻՇԿՆԵՐ
Երեւանի «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկական համալսարանը այս տարի ունի 779 շրջանաւարտ։ Վերջերս համալսարանի այս տարուան շրջանաւարտութեան հանդէսը տեղի ունեցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ 2022-2023 տարեշրջանի հունձքը Օփերայի համալիրէն ներս կազմակերպուած հանդիսաւոր երեկոյթով մը հրաժեշտ առաւ։ Շրջանաւարտներու պարագային ակադեմական զգեստը օրեր անց արդէն կը փոխարինուի բժշկական սպիտակ շապիկով։
Հանդէսի ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ համալսարանի վերատեսուչ փրոֆ. Արմէն Մուրատեան։ Բաց աստի, արտայայտուեցան ֆաքիւլթէներու տեսուչները։ Հանդէսի ընթացքին մասնաւորապէս շեշտուեցաւ, որ «Մխիթար Հերացի» բժշկագիտական մեծ ընտանիքին բոլոր շրջանաւարտները հաւատարիմ են Հիփոքրատի երդումէն բխած սկզբունքներու ուղիին։
Շրջանաւարտութեան հանդէսը կազմակերպուած էր համալսարանի գիտական խորհուրդի յատուկ նիստի ձեւաչափին մէջ։ Այս առթիւ Արմէն Մուրատեան յատկապէս վերյիշեց այն նահատակ բժիշկներն ու համալսարանի սաները, որոնք պատերազմի ընթացքին իրենց կեանքը չխնայեցին հայրենիքէն։
Շրջանաւարտութեան հանդէսի յայտագրի գործադրութենէն վերջ տեղի ունեցան երաժշտական կատարումներ։
Հուսկ, բոլորը արտայայտեցին իրենց կամքը, որպէսզի ապագային աշխարհի ո՛ր անկիւնին ալ մասնագիտական գործունէութիւն ծաւալեն՝ միշտ հպարտօրէն կրեն «Մխիթար Հերացի» ընտանիքին պատկանելու բարձր կոչումը, նաեւ շարունակեն համալսարանէն ներս ձեւաւորուած բժշկագիտական աւանդութիւնները։