Բեղմ­նա­ւոր Ո­րո­նում­ներ…

Ժա­մա­նա­կին խորհր­դա­յին ման­կա­վարժ փի­լի­սո­փա­նե­րէն շա­տեր կը հա­ւա­տա­յին, թէ՝ «Մա­նու­կը սպի­տակ թուղթ է», եւ դաս­տիա­րա­կու­թեամբ կա­րե­լի է տալ ա­նոր ո­րե­ւէ մաս­նա­գի­տու­թիւն եւ «ար­տադ­րել» տար­բեր տե­սա­կի գիտ­նա­կան­ներ ու ա­րուես­տա­գէտ­ներ: Սա­կայն խորհրդա­յին մաս­նա­գի­տա­կան փոր­ձը ցոյց տուաւ, թէ (յատ­կա­պէս ա­րուես­տի պա­րա­գա­յին) այս տե­սու­թիւ­նը խո­տոր կը հա­մե­մա­տի գործ­նա­կան կեան­քի հետ: Ճիշդ է, որ դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը, մի­ջա­վայրն ու ու­սու­մը ի­րենց շի­նիչ ու կեն­սա­կան դերն ու նշա­նա­կու­թիւ­նը ու­նին ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան գոր­ծըն­թա­ցի հետ, սա­կայն ա­ռանց ի վե­րուստ օժտուա­ծու­թեան՝ ա­պար­դիւն պի­տի մնա­յին ման­կա­վար­ժա­կան վար­ժանք­ներն ու աշ­խա­տանք­նե­րը:

Գրե­թէ նոյն տրա­մա­բա­նու­թեամբ Փապ­լօ Փի­քա­սօ հե­տե­ւեալ հաս­տա­տու­մը կ՚ը­նէ. «Բո­լոր ե­րա­խա­նե­րը ա­րուես­տա­գէտ­ներ են, խնդի­րը այն է՝ ինչ­պէ՞ս պի­տի մնան ա­րուես­տա­գէտ»: Ան ա­նուղ­ղա­կիօ­րէն կը մեկ­նա­բա­նէր խորհր­դա­յին­նե­րու կար­ծի­քը, որ ինքն իր հան­ճա­րեղ կեր­պա­րուես­տա­գէ­տի կեր­պա­րովն իսկ գործ­նա­պէս կը հա­կա­սէր իր որ­դեգ­րած տե­սու­թեան: Ինք ե­թէ ար­տա­կարգ ծնունդ մը չըլ­լար, պի­տի կա­րո­ղա­նա՞ր մա­տի վրայ հաշ­ւուող հան­ճար­նե­րու շար­քին դա­սուիլ:

Թէեւ ժա­ռան­գա­կա­նու­թեան եւ մի­ջա­վայ­րի բա­նա­վէ­ճը տա­կա­ւին ա­ւար­տած չի թուիր ըլ­լալ, այ­նուա­մե­նայ­նիւ, սա­կայն, գիտ­նա­կան­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը հա­կա­մէտ է հա­ւա­տա­լու, որ ա­ռանց մէ­կուն՝ միւ­սը կ՚ար­ժեզր­կուի: Ա­ռողջ ժա­ռան­գա­կա­նու­թեան եւ ա­ռողջ մի­ջա­վայ­րի պա­րա­գա­յին է միայն, որ աշ­խա­տան­քը կ՚ի­մաս­տա­ւո­րուի, կ՚ար­դիւ­նա­ւո­րուի, եւ ա­րուես­տա­գէ­տը կ՚ար­ձա­նագ­րէ նոր նուա­ճում­ներ:

Ե­թէ մա­նու­կը ծնած է ա­րուես­տա­գէտ, ա­պա ան բնազ­դա­բար կը փոր­ձէ ստեղ­ծա­գոր­ծել: Քիչ չէ թի­ւը այն ա­րուես­տա­գէտ­նե­րուն, ո­րոնց ծնող­նե­րը փոր­ձած են շե­ղել զա­նոնք ի­րենց ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ճա­նա­պար­հէն եւ տուած ա­նոնց՝ ի­րենց ա­րուես­տա­գէ­տի խառ­նուած­քին ոչ յա­րիր ու­սում: Սա­կայն ա­նոնց­մէ ա­ռա­ւել օժ­տուած­նե­րը յա­մա­ռօ­րէն հե­տե­ւած են ի­րենց ներ­քին ձայ­նին ու՝ նուի­րուած ա­րուես­տին: Վան Կո­կի եւ Փոլ Սե­զա­նի օ­րի­նակ­նե­րը բա­ւա­կա­նին խօ­սուն են այս պա­րա­գա­յին: Հայ ա­րուես­տի պատ­մու­թիւ­նը եւս տուած է բազ­մա­թիւ օ­րի­նակ­ներ, սա­կայն յի­շենք ա­նոնք, ո­րոնք անձ­նա­պէս  ճանչ­ցած ենք եւ ար­դէն իսկ կա­յա­ցած ա­րուես­տա­գէտ­ներ են, ինչ­պէս՝ Ար­տա­շէս Յու­նա­նեան, Ժան Գա­զան­ճեան կամ Թո­րոս Տէր-Յա­կո­բեան: Այս շար­քին կա­րե­լի է դա­սել նաեւ գա­նա­տա­հայ կեր­պա­րուես­տա­գէտ բժիշկ Մկրտիչ Տա­րագ­ճեա­նը: Ան ծնած է Սու­րիա, փոքր տա­րի­քին շրջան մը յա­ճա­խած է Հա­լէ­պի Սա­րեա­նի ա­նուան գե­ղա­րուես­տի ու­սում­նա­րա­նը: 1982-ին կը հաս­տա­տուի Մոն­րէալ, ուր կ՚ապ­րի եւ կը ստեղ­ծա­գոր­ծէ ցայ­սօր: Պա­րա­գա­նե­րու բե­րու­մով  եր­կար ա­տեն  ա­ռիթ չ՚ու­նե­նար ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու,  սա­կայն բախ­տո­րոշ օր մը վրձի­նը ձեռ­քը կ՚առ­նէ ու կը սկսի երփ­նագ­րել: Կարճ ժա­մա­նակ մը ետք՝ նաեւ քան­դա­կել:

Ան սկզբնա­կան շրջա­նին քա­նի մը խորհր­դան­շա­կան յղացք­ներ ի­րա­գոր­ծե­լէ ետք, կը փոր­ձէ դի­մա­քան­դա­կի ժան­րը եւ կը յա­ջո­ղի: Ինչ­պէս դի­ման­կա­րը գե­ղան­կա­րի­չին, այն­պէս ալ դի­մա­քան­դա­կը գե­ղան­կա­րի­չին փոր­ձա­քարն է: Տա­րագ­ճեան ու­նի հոյլ մը հե­տաքրք­րա­կան դի­մա­քան­դակ­ներ, ո­րոնք ի­րա­ւունք կու տան մե­զի իր­մէ ակն­կա­լե­լու ա­ւե­լի խոր ու բնոր­դին խառնուած­քին յա­րիր կեր­պար­նե­րու ի­րա­գոր­ծումն ու կեր­տու­մը, ինչ­պէս՝ իր կո­ղա­կի­ցին եւ եր­կու դուստ­րե­րուն, Ո­ւի­լիըմ Սա­րո­յեա­նին, Ե­րուանդ Պաստր­մա­ճեա­նին, Կո­մի­տա­սի, Ե­ղի­շէ Չա­րեն­ցի եւ այլ դի­մա­քան­դակ­ներ: Այս բո­լո­րէն վեր, սա­կայն, ա­ռա­ւել յատ­կան­շա­կան են խո­հա­փի­լի­սո­փա­յա­կան լիցք ու­նե­ցող հա­մադ­րա­կան ա­նոր  յղացք­նե­րը, ո­րոնց­մէ ո­մանք լուրջ վեր­լուծ­ման եւ մեկ­նա­բան­ման կը կա­րօ­տին, ինչ­պէս՝ Ե­ղեռ­նի հա­րիւ­րա­մեա­կին նուի­րուած յու­շար­ձա­նի ման­րա­կեր­տը, «Ոս­կե­ղէն խնձոր­ներ», «Կապ», «Խո­զակ», «Աս­տի­ճա­նը», եւայլն: Ու­նի գոր­ծե­րու այլ շարք մը, ո­րոնց պա­րա­գա­յին իր մաս­նա­գի­տու­թեան բե­րու­մով ձեռք բե­րած մար­դա­կազ­մա­կան գի­տե­լիք­նե­րը շի­նիչ դեր կա­տա­րած են, ու ան կրցած է կեր­տել ճկուն ու նուրբ մար­մին­ներ՝ ա­ռանց խա­թա­րե­լու ա­նոնց գե­ղեց­կու­թիւնն ու գրաւ­չու­թիւ­նը, ինչ­պէս՝ «Թան­կօ», «Վե­նիւս», «Ծո­վա­նոյշ», «Նստած կի­նը» եւայլն:

Անց­նող դա­րու վեր­ջա­ւո­րու­թեան, երբ Ռո­տէն կեր­տեց իր գլուխ գոր­ծոց­նե­րէն եր­կու­քը՝ անգ­լուխ «Քայ­լող մար­դը» եւ ա­ռանց ձեռ­քե­րու «Պալ­զաք»ը, ան ա­պա­ցու­ցեց, որ մարդ­կա­յին կեր­պար­ներ կեր­տե­լու պա­րա­գա­յին, ոչ միայն անհ­րա­ժեշտ չեն մար­դու մարմ­նի բո­լոր մա­սե­րը, այ­լեւ եր­բեմն ա­նոնք նոյ­նիսկ կը խան­գա­րեն: Թէեւ տա­տա­յա­կան­նե­րը  ծայ­րա­յե­ղու­թեան գա­ցին, սա­կայն ա­նոնց­մէ ծնած գե­րի­րա­պաշտ­նե­րէն շա­տեր լա­ւա­պէս օգ-տըւե­ցան այս տե­սու­թե­նէն, ինչ­պէս՝ Ար­շիլ Կոր­քի-Ա­տո­յեա­նը, կամ Հեն­րի Մու­րը: Այ­սօր ժա­մա­նա­կա­կից քան­դա­կա­գոր­ծու­թիւ­նը ո­ղո­ղուած է նմա­նա­տիպ ըս-տեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով, ո­րոնց­մէ բո­լո­րը չեն, որ կրցած են յա­ջո­ղիլ ու կեր­տել իւ­րա­յա­տուկ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ: Տա­րագ­ճեան եւս ու­նի նմա­նօ­րի­նակ քան­դակ­ներ, ո­րոնք կը զա­տո-­րո­շուին միւս­նե­րէն, ո­րով­հե­տեւ ան գի­տէ պա­հել միայն անհ­րա­ժեշ­տը՝ ձեր­բա­զա­տե­լով ա­ւե­լոր­դա­բա­նու­թե­նէ, ինչ­պէս՝ «Մար­դը վզնո­ցով», «Ի՞նչ նո­րու­թիւն», «Սո­նա­թա» եւայլն:

Տա­րագ­ճեան ինք­նուս է, ա­յո՛, սա­կայն ա­նուս չէ: Ան իր յա­րա­տեւ ո­րո­նում­նե­րուն եւ աշ­խա­տան­քին շնոր­հիւ՝ կրցած է ձեռք բե­րել քան­դա­կե­լու անհ­րա­ժեշտ գի­տե­լիք­ներ, ո­րոնց մէջ իր կեն­սա­կան դե­րը կա­տա­րած է նաեւ իր եր­կա­րա­մեայ մտեր­մու­թիւ­նը Ար­թօ Չաք­մաք­ճեա­նի նման մեծ ու տա­ղան­դա­ւոր ա­րուես­տա­գէ­տի մը հետ:

ՄՈՎ­ՍԷՍ ԾԻ­ՐԱ­ՆԻ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2015